ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ, ինչպէս նաեւ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու գործընթացին:
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յառաջխաղացքին մասին խօսելով՝ Լաւրով նշեց, թէ Ռուսիա համոզուած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ վերջնական պայմանաւորուածութիւններ պիտի ըլլան: Ան յիշեցուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները երեք եռակողմ հանդիպումներ ունեցած են 2020ի լայնածաւալ պատերազմէն ետք՝ Արցախի հակամարտութեան հանգուցալուծման եւ յարաբերութիւններու լուծման վերաբերող գործնական հարցերը լուծելու նպատակով:
«Ըստ իս՝ մենք ունինք ընդհանուր ըմբռնում, որ գործընթացը յառաջ կ՛ընթանայ: Թերեւս փափաքելի պիտի ըլլար, որ կշռոյթը աւելի արագ ըլլար, բայց, այդուհանդերձ, գործընթացը կայ, ձեռք կը բերուին առարկայական, դրական, թէկուզ դեռ միջանկեալ արդիւնքներ, բայց կասկած չկայ, թէ պիտի ըլլան նաեւ վերջնական պայմանաւորուածութիւններ: Մենք կը փորձենք ամէն ձեւով նպաստել ասոր: Անշուշտ, կողմերը ունին իրենց առանձնայատուկ տեսլականները, որոնք միշտ չէ, որ կը համընկնին, մասնաւորապէս այն հարցին գծով, թէ ինչպէ՛ս պէտք է աշխատիլ յառաջիկայ փուլին, բայց ամէն պարագայի մեր բոլոր գործընկերները եւ մենք համամիտ ենք, որ բարձրագոյն մակարդակով ընդունուած երեք յայտարարութիւնները շատ պարզ ճանապարհային քարտէսներ են, որոնցմով պէտք է առաջնորդուինք բոլորս», շեշտեց ան:
Լաւրով դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերու հայկական եւ ատրպէյճանական յանձնաժողովներու հանդիպումը վերջերս տեղի ունեցաւ, իսկ յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է Մոսկուայի մէջ: Ըստ Լաւրովի՝ ռուսական կողմը պատրաստ է այդ առումով խորհրդատուական աջակցութեան: Ան յայտնեց, որ զուգահեռաբար նաեւ էապէս յառաջ գացած են տարածաշրջանին մէջ ուղիներու եւ տնտեսական հաղորդակցութեան ապաշրջափակման հարցով կազմուած աշխատանքային խումբի աշխատանքները՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ: «Համոզուած եմ, որ յարաբերութիւններու ամբողջական բնականոնացումէն բացի այլ ճամբայ գոյութիւն չունի», աւելցուց Լաւրով:

Ան ընդգծեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ երթեւեկի ուղիներու ապաշրջափակման ծիրին մէջ ներդրուելիք աշխատելաձեւը պիտի հիմնուի ամբողջապէս Հայաստանի տարածքի գերիշխանութեան վրայ: «Ինչպէս գիտէք երկաթուղային երթուղին համաձայնեցուած է, հիմա իր աւարտին կը հասնի ինքնաշարժներու երթուղիի համաձայնեցումը, ինչպէս նաեւ կ՛աւարտի համաձայնեցումը այն վարչաձեւին, որ պիտի ներդրուի, իսկ անիկա բոլորովին հիմնուած պիտի ըլլայ Հայաստանի գերիշխանութեան վրայ: Այստեղ երկիմաստութիւններ չեն կրնար ըլլալ», շեշտեց Լաւրով:
Ան, պատասխանելով հայաստանեան լրատուամիջոցի մը այն հարցումին, թէ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերը ի՛նչ կ՛ընեն՝ Արցախի Հանրապետութեան Փառուխ գիւղը բռնագրաւած ատրպէյճանական զինուած ուժերը իրենց ելման դիրքերը վերադարձնելու համար՝ ըսաւ, որ Արցախի մէջ իրադրութեան կայունացումը ռուս խաղաղապահներու առաջնահերթութիւններէն է, եւ այդ առումով արդէն կան որոշ արդիւնքներ: «Մեր հայ ընկերները շատ լաւ տեղեկացուած են այդ մասին: Այնտեղ արդէն կան որոշ արդիւնքներ գետնի վրայ լարուածութեան թուլացման առումով, եւ մեր մօտ կայ այն ըմբռնումը, որ այդ հարցերը պիտի դիտարկուին եւ անպայման պիտի լուծուին սահմանազատման մեկնարկող առարկայական աշխատանքներու ծիրին մէջ», նշեց Լաւրով:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Թուրքիա կապերուն՝ նշելով, որ Ռուսիա կ՛ողջունէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման միտող գործընթացը: Ան յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու լուծումը պիտի նպաստէ շրջանի ընդհանուր իրավիճակի առողջացման ու կայունացման:
«Այս պարունակին մէջ, մեր ընդհանուր կարծիքով, անհրաժեշտ է ապահովել հարաւկովկասեան երեք երկիրներուն եւ անոնց երեք դրացիներուն մասնակցութեամբ «3+3» տարածաշրջանային հարթակի հետեւողական աշխատանքը: Ասիկա յաւելեալ կարեւոր խողովակ է տարածաշրջանային երկիրներու եւ անոնց դրացիներուն միջեւ երկխօսութեան ձեւաւորման ու բազմակողմ համագործակցութեան զարգացման համար», Լաւրով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր կարգին ողջունեց Թուրքիոյ բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներուն այն յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, իրենք պատրաստ են կարգաւորելու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ինչպէս նաեւ բանալու հայ-թրքական սահմանը, բայց նաեւ աւելցուց, որ կառուցողական չեն Թուրքիոյ ղեկավարութեան փորձերը՝ հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական հարցերուն միջեւ կապ գտնելու:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ ըսաւ, թէ կան քանի մը ուղղութիւններ, որոնց մէջ բանակցութիւններ կ՛ընթանան: «Անշուշտ, բազաթիւ հարցերում պատկերացումները չեն համընկնում, բայց բանակցութիւնները հէնց դրանով էլ բանակցութիւններ են, որ այդ չհամընկնող կէտերի շուրջ փորձեն ընդհանուր եզրեր գտնել՝ փոխզիջումների տարբերակով: Մենք հաւատում ենք խաղաղութեան գործընթացին: Մենք կարծում ենք, որ Հայաստան-Ադրբեջան յարաբերութիւնների կարգաւորման մէջ հնարաւոր չէ չանդրադառնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեանը, չհասցէագրել եւ քաղաքական կարգաւորում չտալ այդ հակամարտութեանը: Մենք նաեւ հաւատացած ենք, որ այդ բանակցութիւնը պէտք է տեղի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան շրջանակներում: Սա է այն միջազգային ձեւաչափը, որը ստեղծուել է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ քաղաքական կարգաւորումը գտնելու նպատակով», յայտնեց Միրզոյեան:
Ան նշեց, որ բանակցութիւններ կ՛ընթանան նաեւ սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերով: «Ըստ էութեան, բանակցութիւններ ասել, թերեւս փոքր-ինչ չափազանցուած է այս փուլի համար, բայց սկիզբը դրուած է, մեկնարկը տրուած է այս գործընթացի. տեղի է ունեցել առաջին հանդիպումը: Ինչպէս մենք նշեցինք, յանձնաժողովների երկրորդ հանդիպումը կը լինի Մոսկուայում: Նաեւ որոշակի դրական տեղաշարժ ենք տեսնում տարածաշրջանային տնտեսական ենթակառուցուածքների ապաշրջափակման առումով: Անշուշտ, ասել, որ կայ լիարժէք պատկերացում՝ սխալ կը լինի: Բայց նաեւ ուզում եմ ասել, որ կայ դրական տեղաշարժ: Եւ այստեղ պէտք է անպայմանօրէն ընդգծեմ, որ հայ ռազմագերիների եւ այլ պահուող անձանց շարունակական ազատ չարձակելը Բաքուի կողմից, ինչպէս նաեւ մշակութային յուշարձանների նկատմամբ ոտնձգութիւնները, եւ ընդհանուր առմամբ, հակահայկական հռետորաբանութիւնն ու սադրիչ գործողութիւնները, որ մենք տեսնում ենք Բաքուից, միայն խանգարում են այս գործընթացներին: Առիթը օգտագործելով՝ ուզում եմ եւս մէկ անգամ ե՛ւ Բաքուի, ե՛ւ մեր միջազգային գործընկերների ուշադրութիւնը հրաւել այս հարցերին», յայտնեց Միրզոյեան:
Ան նշեց, որ Հայաստան կը շարունակէ հաւատալ, որ ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը ի վիճակի է վերականգնելու 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ Արցախի մէջ հաստատուած սթաթուս քոն՝ 23 Մարտ 2022ի դրութեամբ եղած իրավիճակը, որ խախտած է Ասկերանի Փառուխ գիւղը ատրպէյճանական զինուժի ներխուժումով: «Լեռնային Ղարաբաղում խաղաղապահ ուժերի տեղակայումը՝ որպէս սադրանքները կանխելու եւ Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը ապահովելու գործօն, կոչուած է պայմաններ ստեղծելու մեր տարածաշրջանում բնականոն կեանքի վերականգնման, կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար», շեշտեց ան:
Լաւրով նաեւ հանդիպում ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որ շեշտեց, թէ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի օրակարգի գլխաւոր հարցը կապուած է տարածաշրջանային իրավիճակի եւ ապահովութեան, Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման՝ շեշտելով, որ Ռուսիոյ հետ բաւական լաւ աշխատանք կը տարուի այդ իմաստով: «Յոյսով եմ՝ մօտ ապագայում կը յաջողուի կոնկրետ (յստակ) համաձայնութիւնների գալ եւ լուծել ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող այդ հարցը՝ ի շահ ողջ տարածաշրջանի, յանուն կայունութեան եւ խաղաղութեան: Շատ կարեւոր է նաեւ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման օրակարգը: Գիտէք, որ վերջերս կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ սահմանների դէմարկացիայի եւ դելիմիտացիայի (սահմանագծման եւ սահմանազատման) երկկողմ աշխատանքային յանձնաժողովի առաջին հանդիպումը: Արդէն պլանաւորուած (ծրագրուած) է, որ երկրորդ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Մոսկուայում, եւ երրորդ հանդիպումը կը կայանայ Բրիւսելում: Այս համատեքստում ակնկալում ենք Ռուսաստանի Դաշնութեան աջակցութիւնը, որպէսզի այս գործընթացը տեղի ունենայ ու ընթանայ բնական ճանապարհով եւ լինի արդիւնաւէտ», շեշտեց ան:
Փաշինեան շեշտեց Արցախի հիմնահարցի համապարփակ կարգաւորման պարունակին մէջ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան կարեւոր դերակատարութիւնը:
Լաւրով իր կարգին դիտել տուաւ, որ Նոյեմբեր 2020ի, Յունուար եւ Նոյեմբեր 2021ի եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացումը Ռուսիոյ առաջնահերթութիւնն է: «Ընդհանուր առմամբ մենք հետաքրքրուած ենք, որ մեր դրացիներուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները բոլորովին կարգաւորուին: Անշուշտ, ծանօթ ենք առաջարկներուն, զորս Ատրպէյճան ներկայացուցած է, ծանօթ ենք նաեւ ձեր դիրքորոշումներուն, զորս գրաւոր ներկայացուցած էք, եւ Ռուսիա պատրաստ է ձեռնարկելու հնարաւոր ամէն ինչի՝ փոխադարձ համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ», շեշտեց ան:
Լաւրով աւելի ուշ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:
Պաքու արձագանգեց Արցախի Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ Լաւրովի յայտարարութեան՝ նշելով, որ անիկա կը գտնուի Խոջալուի շրջանին մէջ եւ «կապ չունի Հայաստանի հետ սահմանազատման հարցին հետ»:
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ ստեղծուած սահմանազատման յանձնաժողովներու գործունէութիւնը ունի երկու երկիրներու պետական սահմաններու սահմանազատման նպատակ», ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլաեւան:
Ան ընդգծեց, որ այս գործընթացի ծիրին մէջ չի նախատեսուիր դիտարկել ատրպէյճանական-հայկական պետական սահմանէն դուրս որեւէ հարց, որոնց կարգին՝ այն տարածքներու հետ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը: