Իսրայէլեան ապահովական մարմինները աշխատանք կը տանին Թուրքիոյ մէջ իրանեան վրէժխնդրական յարձակում մը կանխարգիլելու համար, այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13րդ կայանը՝ աւելցնելով. «Դէպի Թուրքիա ճամբորդութեան զգուշացումը տակաւին ի զօրու է»:
«Մտավախութիւնները կը բխին այն իրողութենէն, որ իրանցիները վճռած են վրէժ լուծել՝ հակադարձելով Իսրայէլի վերագրուած ահաբեկչութիւններուն, որոնցմէ ոմանք վերագրուած են իսրայէլեան «Մոսատ»ին», յայտնեց կայանը՝ աւելցնելով. «Իրանցիները աշխատանք կը տանին արտասահմանի մէջ թիրախ դարձնելու իսրայէլացի զբօսաշրջիկներ՝ նկատի ունենալով, որ անոնք ձախողած են իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ անձնաւորութիւններու հասնելու իրենց ջանքերուն մէջ: Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը Իսրայէլին կ՛օգնէ թրքական հողերուն վրայ իրանեան յարձակումը կանխարգիլելու համար, եւ իսրայէլեան ու իրանեան գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ այդ յարձակումը ձախողութեան մատնելու շուրջ պայքարը յարատեւօրէն կը շարունակուի»: