Լեհաստանի մէջ Շաբաթ օր տեղի ունեցած Ուքրանիա-Հայաստան մրցումը, որ տեղի կ՛ունենար «Ազգերու Լիկա»ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 3րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վերջ գտաւ ուքրանացիներուն յաղթանակով, 3-0 արդիւնքով:
Յաղթական կազմը իր կօլերը նշանակեց Բ. կիսախաղին, 61րդ, 77րդ եւ 84րդ վայրկեաններուն:
Ուքրանիա, որ ցարդ կատարած է երկու մրցում, ապահովեց առաւելագոյն վեց կէտերը, մինչ հայրենի կազմը, որ ցարդ կատարած է երեք մրցում, իր ունի միայն երեք կէտեր:
Երեքշաբթի օր, Հայաստան Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Սկովտիան, որմէ երթին կրած էր 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: