11 Յունիսին, Ստեփանակերտի Փօլ Էլըուարի անուան կեդրոնին մէջ, Արցախի ընթերցողներուն ներկայացուեցաւ Լիլիթ Յարութիւնեանի «Արցախի Հերոս Ռոպերթ Ապաճեան» գիրքը, կը գրէ «Ապառաժ» թերթը։
Գիրքը գրելու առաջարկը հեղինակը ստացած էր ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոս Ռոպերթ Ապաճեանի հօրմէ՝ Ալեքսանդր Ապաճեանէն: «Ռոպերթի, եւ իր ընկերներու սխրանքին մասին գրելու ընթացքին ոչ մէկ երանգ աւելցնելու կարիք կայ. իրենց համար այդ հաճելի պիտի չըլլար»՝ Արցախի հերոսի հօր յորդորն էր Լիլիթին: Շուրջ երեք տարուան աշխատանքէ ետք, 2021ին, 16 Նոյեմբերին ՝ Ռոպերթի ծննդեան օրը, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը: Այնուհետեւ, Լիլիթը ամէն օր մտածեց գիրքը Արցախ տանելու մասին:
«Այս գիրքը Արցախի հերոս Ռոպերթ Ապաճեանի մասին է, բայց գիրքին մէջ այլ անուններ ալ կը կարդաք: Այս տղաքը իրենց արտաքին եւ բնաւորութեան տարբերութիւններով նման են: Բոլորի գիտակցական ընտրութիւնը հայրենիքն է: Վերջերս ինծի մօտեցաւ 44օրեայ պատերազմի տղաներէն մէկուն հայրը եւ ըսաւ, որ իր տղան գաղափարապէս մկրտած է Ռոպերթ Ապաճեան: Ան մեր նորագոյն ժամանակներու հերոսի կերպար է», կը նշէ Լիլիթ Յարութիւնեան: