ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Կիրակի, 5 Յունիսին, Ֆրեզնոյի հայութիւնը հոյակապ ձեռնարկով մը տօնեց Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան 100ամեակը եւ Թէքէեան Մշակութային միութեան 75ամեակը։ Կազմակերպիչ յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ ՌԱԿի Ֆրեզնոյի «Մկրտիչ Աւետիսեան» ակումբի եւ ԹՄՄի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ, բազմավաստակ ազգային գործիչ Զոհրապ Աթթարեանի՝ ոչ մէկ ճիգ խնայած էր ձեռնարկը լաւագոյնս կազմակերպելու համար, ներկաներուն պարգեւելով շատ յիշարժան օր մը։
Հայց. Առաքելական Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. պատարագէն ետք, բազմութիւն մը անցաւ սրահը՝ ձեռնարկին ներկայ ըլլալու համար։
Սոյն տօնակատարութիւնը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եսայի քհնյ. Պետրոս, որ սեղանի օրհնութիւնը կատարեց, Հայաստանի Հանրապետութեան Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան պատուոյ անդամ Հայկ Լեփեճեան, որ Ամմանէն հիւրաբար Ֆրեզնօ կը գտնուէր, ՀԲԸՄի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի համակրելի ատենապետուհի Գարուն Պոյաճեան, ԹՄՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի վարիչ քարտուղար Մայտա Քիրէճեան, ՌԱԿի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի վարչութեան ատենադպիր Խաչիկ եւ Ռոզմէրի Ճանոյեանները։
Զոհրապ Աթթարեանի բարի գալուստի եւ բացման խօսքէն ետք, հրաւիրուեցաւ Մայտա Քիրէճեանը՝ վարելու համար այս տօնակատարութիւնը։ Քիրէճեան սիրալիր եւ բովանդակալից խօսքով ողջունեց եւ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները այս տօնական առիթներուն համար։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ այս պատուական գաղութը։ Ապա յիշելէ ետք ԹՄՄի եւ ՌԱԿի վիթխարի գործերը եւ ծառայութիւնները հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ ըսաւ. «Իբրեւ ԹՄՄի վարիչ քարտուղարուհի՝ ես ամէն օր կապի մէջ պիտի ըլլամ ձեզի հետ, եւ դուք ալ պատրաստ եղէք ձեր շարքերը եւ անդամները բազմացնելու եւ ձեռք ձեռքի տուած՝ շատ մը ծրագիրներ պիտի իրագործենք միասին, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ բոլորիս նպատակն է ծառայել մեր գաղութին, մեր հայրենիքին եւ Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք խիստ դժուարութեան մէջ կը գտնուին»։
Քիրէճեան աւելցուց՝ ըսելով. «Լոս Անճելըսի մէջ ունինք երեք մասնաճիւղեր, որոնք աշխուժօրէն կը գործեն։ Ունինք նաեւ երիտասարդական նուագախումբ մը եւ մենք խորապէս կը հաւատանք, որ մեր երիտասարդները մեր ապագան են»։
Ապա հրաւիրուեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանի հայկական բաժինի վարիչ դոկտ. Պարլօ սարկաւագ Տէր Մկրտիչեան, որ Ֆրեզնօ ծնած է եւ ինքնաշխատութեամբ հայերէն սովրած է։ Ան հայերէնով եւ անգլերէնով ներկայացուց ՌԱԿի անցեալը, սկսելով 1885ին Վանի մէջ հիմնուած Արմենական կուսակցութենէն եւ յիշեցուց, որ ՌԱԿը հիմնուած է 1 Հոկտեմբեր 1921ին։ Ան խօսեցաւ մեր կուսակցութեան տարած ծառայութիւններուն մասին, Ֆրեզնոյի հայ կեանքէին մէջ, նոյն ժամանակ մեծապէս արժեւորելով ՌԱԿի եւ ԹՄՄի աշխատանքներըՍփիւռքի տարածքին ու մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Բանախօսին այս խիստ շահեկան տեղեկութիւնները արժանացան ներկաներու երկարատեւ ծափահարութեան։
Խօսք առաւ նաեւ Խաչիկ Ճանոյեան, որ շնորհաւորեց կազմակերպիչները այս տօնակատարութիւններուն առիթով՝ ըսելով. «ՌԱԿը 1 Հոկտեմբեր 1921ին հիմնուեցաւ Պոլսոյ մէջ, իսկ անկէ քանի մը ամիս ետք Ֆրեզնոյի մէջ կազմուեցաւ ՌԱԿի մասնաճիւղը։ Այս մասնաճիւղը Ֆրեզնոյի հայ կեանքի բաբախուն սիրտը հանդիսացաւ։ Այդ տարիներուն, ՌԱԿը եւ հայ ժողովուրդի առասպելատիպ հայդուկապետ զօրավար Անդրանիկի հետ, որ այդ օրերուն Ֆրեզնօ կ՛ապրէր, հինգ-վեց մեծ հանգանակութիւններ կազմակերպեցան ի նպաստ Հայաստանի։ ՌԱԿը մեծ դեր ունեցաւ Ֆրեզնոյի հայ գաղութի կազմակերպման եւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի, «Նոր Օր» շաբաթաթերթի ու ԹՄՄի հիմնադրութեան մէջ։ Այս տարուան Հոկտեմբերին պիտի տօնուի «Նոր Օր»ի 100ամեակը»։ Ապա Ճանոյեան ընթերցեց ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան շնորհաւորական գիրը՝ ուղղուած ներկայ հանդիսականներուն եւ կազմակերպիչներուն։
Պաշտօնական խօսքերէն ետք, սկսաւ արուեստի աննման հրավառութիւն մը՝ շնորհիւ Լոս Անճելըսէն հրաւիրուած երկու տաղանդաւոր արուեստագէտներու՝ ասմունքի վարպետ Նունէ Աւետիսեանի եւ սոփրանօ Անահիտ Ներսիսեանի, ընկերակցութեամբ շնորհաշատ դաշնակահարուհի՝ Նայիրա Շահսուպարեանի։
Շուրջ մէկ ու կէս ժամ այս հրաշք արուեստագէտները իրենց ասմունքներով եւ երգերով հմայեցին ներկայ հանդիսականները։ Հայ գրականութեան գոհարները այնպիսի վարպետութեամբ ներկայացուեցան, որ ժողովուրդի հոգին ու միտքը խռովեցին։ Իսկ կատարուած երգերու փունջը պարզապէս հոգեթով էր։ Ժողովուրդը չէր ուզեր բաժնուիլ այս արուեստագէտներէն, որոնք արժանացնացան յոտընկայս եւ որոտընդոստ ծափահարութիւններու։
Ժողովուրդը այս յիշարժան եւ պատմական ձեռնարկէն բաժնուեցաւ քիչ մը աւելի հայացած եւ հպարտացած իրենց ազգային ծագումով։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ՌԱԿի Ֆրեզնոյի «Մկրտիչ Աւետիսեան» ակումբի եւ «Թէքէեան»ի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի վարչականները այս ձեռնարկին համար, բոլորին ըսելով՝ ձեր վարձքը կատար։