Երեքշաբթի, 14 Յունիսի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկային Հայոց թեմի բարերարներէն եւ Հայրապետական աթոռոյ հոգեւոր զաւակներ՝ տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Էլօ Պոյաճեաններ, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան թեմակալ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ եւ խնդրամատոյց եղան անոր, որ վեհափառ հայրապետին փոխանցէ, թէ՝ իբրեւ ուխտաւորի մէկ ժեսթ, պատրաստակամութիւն կը յայտնեն հովանաւորելու յառաջիկայ 1 Յուլիսին, Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կատարուելիք Միւռոնօրհնէքի կազմակերպական բոլոր ծախսերը:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց ուխտաւոր բարերարներուն զօրակցական ժեսթը՝ մաղթելով, որ «բարձրեալն Աստուած Իր երկնային օրհնութիւններով լեցնէ իրենց եւ իրենց զաւակներուն կեանքերը»:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ