ՏՈՔԹ․ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
1975ին, երբ որպէս բժիշկ, մասնագիտութեան աշխատանքի համար դեռ նոր Գերմանիա հաստատուած էի, ողբացեալ հօրս եւ իմ միջեւ տեղի ունեցաւ պատահար մը, որ անջնջելի կը մնայ իմ յիշողութեանս մէջ:
Վերջին շրջաններուն, ի մասնաւորին հայ վարժարաններէն շրջանաւարտ մեր երիտասարդներուն Դիմատետրի եւ կամ այլ ընկերային ցանցի կայքէջերու վրայ ոչ հայերէն եւ կամ լատինատառ հայերէն լեզու գործածելու արագ աճը զիս մխրճեց զգացումներու այնպիսի հոսանքի մը մէջ, որ ես վերյիշեցի այդ դէպքը:
Գերմանիոյ մէջ իմ կեցութեանս առաջին տարիներն էին: Կարօտը սիրտս կ՛այրէր: Կարօտս փարատելու համար, ամէն օր թրքերէնով նամակներ կը գրէի ծնողքիս ու կնոջս, քանի այդ ատենները այսօրուան համացանցային հնարաւորութիւնները դեռ չէր գործածուէր: Հայրս նամակներուս չէր պատասխանէր: Կը խորհէի, թէ ան չէր գրեր անոր համար, որ վստահ էր թէ ամէն ինչ բնականոն կ՛ընթանայ իմ մօտ: Սակայն միւս կողմէ ալ հօրս այդ վերաբերումը շատ կը յուզէր ու կը նեղացնէր զիս:
Այսպէս անցաւ տարի մը: Տարի մը ետք, երբ արձակուրդի համար Պոլիս գացի, համարձակութիւնը ունեցայ հօրս հարցնելու, թէ ինչո՞ւ ան մէկ անգամ իսկ պատասխան նամակ չուղարկեց ինծի: Հայրս խէթ հայեցքով ու խիստ բարկացած՝ պատասխանեց․ «Ես քեզի Մխիթարեան վարժարան ղրկեցի, որպէսզի թրքերէ՞ն լեզուով նամակներ գրես ինծի: Նամակներուդ չպատասխանեցի, որովհետեւ նամակներդ թրքերէնով գրուած էին: Երբ սկսիս հայերէն լեզուով եւ հայատառ գրել, այն ատեն պատասխան կը ստանաս»:
Այս խօսքերը ապտակի մը նման իջան երեսիս վրայ: Այդ օրէն ետք, միշտ հայերէն լեզուով նամակներ գրեցի հօրս: Բազմաթիւ ուղղագրական սխալներ կ՛ընէի,հայրս կը սրբագրէր զանոնք եւ ետ կ՛ուղարկէր ինծի, որպէսզի տեսնեմ իմ սխալները եւ դարձեալ չկրկնեմ: Միշտ խրատական նամակներ կը գրէր ինծի ըսելով․ «Տղաս՛, Գերմանիոյ մէջ հայկական վարժարան չկայ, զաւակներուդ անպայման հայերէն սորվեցուր, այն ինչ որ ժառանգեցիր ծնողներէդ, գոնէ մասամբ անոնց փոխանցէ: Մի՛ մոռնար ազգդ, մայրդ, մայրենի լեզուդ ու կրօնքդ»:
Անոնց, որոնք կ՛ըսեն, թէ «Հայերէնը ինչի՞ կը ծառայէ, թող թրքերէն եւ այլ օտար լեզու սորվի, որպէսզի աւելի դիւրին շահի կեանքի պայքարը և կամ որեւէ համալսարանի մտից քննութիւնը», կ՛ուզեմ հոս պատասխանել, անցեալի երկու դրուագներով:
Ողբացեալ աներս, հակառակ անոր, որ Կեսարիոյ մէջ բարգաւաճ դիրք մը ունէր, միմիայն իր զաւակներուն հայերէն սորվեցնելու համար 60ական թուականներուն գաղթեր է Պոլիս, Կեսարիոյ մէջ ձգելով ամէն բան: Գաղթեր է, որպէսզի իր երկու աղջիկ զաւակները հայկական վարժարանի մէջ ուսում ստանան: Երկուքն ալ շրջանաւարտ եղան Էսայեան վարժարանէն: Անոնցմէ մէկը իմ կողակիցս է, աւարտած է Իսթանպուլի Ատամնաբուժական համալսարանէն եւ մինչեւ 2019 թուական, որպէս մասնագէտ ատամնաբուժ, իր գործունէութիւնը շարունակեց մեծ յաջողութիւնով, Գերմանիոյ մէջ:
Մենք, մեր աշակերտութեան շրջանին, Մխիթարեան վարժարանի մէջ, բացի պարտադիր դասերէն (թրքերէն, պատմութիւն, հայրենագիտութիւն, աշխարհագրութիւն) մնացեալ բոլոր դասերը հայերէն լեզուով կը սորվէինք: Մեր դասարանի 21 աշակերտներէն 15 աշակերտներ յաջողութեամբ ամբողջացուցին 1963-1964 տարեշրջանին Թուրքիոյ պետական համալսարաններու մուտքի քննութիւնները, բարձրագոյն ուսում ստանալու իրաւունքը շահելով: Դասընկերներուս մեծամասնութիւնը, որոնք Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ զանազան բնագաւառներէ ներս գնահատելի դիրքերու տիրացած են, շրջանաւարտ եղած են հայկական վարժարաններէ:
Անշուշտ ,անձ մը իր բնակած երկրի պետական լեզուն լաւ պէտք է գիտնայ, որպէսզի ընդունելութիւն գտնէ հոն, կարգ մը դիւրութիւններ ունենայ, սակայն մայրենի լեզուն երբեք իրեն վնաս չի բերեր, ընդհակառակը մայրենի լեզուն իրեն առաւելութիւն կու տայ:
Ըստ իս, «Հայերէն պիտի սորվի, ինչի՞ պիտի ծառայէ» ըսելը պատրուակ մըն է, որ իրականութեան մէջ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ փափաքի, կամքի, ինքնագիտակցութեան եւ մայրենի լեզուի նկատմամբ սիրոյ պակաս ու անտարբերութիւն:
Կան հայեր, որոնք, իրենց զաւակները ապագայի պատրաստելու ատեն աւելորդ ու աննպաստ կը նկատեն մայրենի լեզուն եւ կարծես, թէ այդ ընելով անոնց ապագայի հետ խաղալ չեն ուզեր: Սակայն կան նաեւ ուրիշներ, որոնք իրենց զաւակներուն մայրենի լեզուն սորվեցնելը կը նկատեն ամէնէն սրբազան պարտականութիւնը:
Անտարակոյս, բոլոր հայերն ալ մեծ զոհողութիւն կ՛ընեն իրենց զաւակներուն համար, լաւ ապագայ կերտել կը ջանան, սակայն ոմանք կը փափաքին բարոյական ու տոհմիկ արժէքներէն վեր դասել նիւթական արժէքներն ու աչք շլացնող նպաստները, իսկ ոմանք ալ կը ջանան վեր պահել բարոյական, տոհմիկ ու մշակութային ազգային արժէքները ու գանձերը: Ահաւասիկ դարաշրջանիս յատուկ հասկացողութեան, ողջամտութեան, ազգասիրութեան, գաղափարապաշտութեան հոսանքը:
Ըստ իս, եթէ չկարենանք իրարմէ զանազանել նիւթական, բարոյական ու տոհմիկ արժէքները, թերեւս ո՛չ միայն պիտի հանենք մեր գլխարկները ու երկար ու երկար պիտի մտածենք, այլ նաեւ մեր գլխուն մազերը պիտի փետենք: