ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԴԱՌՁԵԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Խորհրդարանին մէջ, 2021ի պետական պիւտճէի կատարման հաշուետուութենէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` դարձեալ Արցախի հարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացի այժմէականութիւնը կորսնցուցած պատմութեան իւրօրինակ մեկնաբանութիւն կատարելով՝ յայտարարեց, որ Ռոբերտ Քոչարեանի օրօք` Նոյեմբեր 1998ին, երկրի իշխանութիւնները կը բանակցէին այսպէս կոչուած «ընդհանուր պետութեան» նախագիծի հիման վրայ, որ կ՛ենթադրէր Արցախի ներկայութիւնը Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
Փաշինեան դարձեալ մեղադրեց նախկինները բոլոր մեղքերուն եւ ձախողութիւններուն մէջ, յատկապէս շեշտը դնելով այն կէտին վրայ, որ բանակցութիւններուն մէջ քննարկուած է Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ընդգրկելու կարելութիւնը:
«Սակայն հիմա, դառնալով ընդդիմութիւն, իշխանութիւններին մեղադրում են դաւաճանութեան մէջ: Եւ նրանից, որ Քոչարեանը, ինչպէս իր համախոհները, այդ թւում` Դաշնակցութիւնը, պնդում են, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք Ադրբեջանի կազմում չի յայտնուի, մեղմ ասած, խորամանկութեան հոտ է գալիս: Նրանք ոչ միայն չէին բացառում, որ Ղարաբաղը կարող է յայտնուել Ադրբեջանի կազմում, այլեւ համաձայնել են բանակցային փաթեթի առանցքային տրամաբանութեան հետ, ըստ որի` Ղարաբաղն ի վերջոյ պէտք է յայտնուի Ադրբեջանի կազմում: Աւելին, նրանք դրանով իսկ անտեսեցին 1991 թ. Սեպտեմբերի 2ին ընդունուած Ղարաբաղի անկախութեան հռչակագիրը, ինչպէս նաեւ նոյն թուականի Դեկտեմբերի 10ին կայացած անկախութեան հանրաքուէն», յայտնեց Փաշինեան:
Ըստ անոր՝ «ընդհանուր պետութեան» գաղափարէն ետք, բանակցութիւններու սեղանին յայտնուեցաւ տարածքներու փոխանակման հարցը: «Այդ նախագծի էութիւնն այն էր, որ Հայաստանը ստանում է Լեռնային Ղարաբաղը, իսկ դրա դիմաց Ադրբեջանին տալիս է Սիւնիքի մարզում գտնուող Մեղրիի շրջանը», վստահեցուց Փաշինեան:
Ըստ Փաշինեանի` այդ տարբերակը քննարկելու Երեւանի համաձայնութիւնը, ըստ էութեան, անուղղակիօրէն կը նշանակէ, թէ Հայաստան, այդ ատենէն իսկ, Արցախը կը ճանչնայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։