
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զօրեան հիմնարկի` Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան հաւաքածոյի հարցազրոյցներէն մէկուն` Օրորա Մարտիկանեանի վերաբերող հարցազրոյցին հիման վրայ պատրաստուած է «Արշալոյսի Լուսաբացը» շարժանկարը (animation) ժապաւէնը, որ այժմ կը մասնակցի «Էննեսի» շարժապատկերի միջազգային փառատօնին: Լուրը հաղորդեցին «Հայաստանի Զօրեան հիմնարկ» հետազօտութիւններու եւ զարգացման միջազգային հիմնարկէն:
Հիմնարկը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ «Արշալոյսի Լուսաբացը» վաւերագրական շարժանկար է Արշալոյս-Օրորա Մարտիկանեանի կեանքին մասին: 1915ին, ընդամէնը 14 տարեկանին ան ապրած է Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափները: Մէկ տարուան ընթացքին՝ ականատես ըլլալով իր ընտանիքի բոլոր անդամներու մահուան, Արշալոյսը կորսնցուցած էր ամէն ինչ եւ վաճառուած թրքական կանանոցին: Սակայն իր բացառիկ խիզախութեամբ եւ յաջողութեամբ ան կրցած է փախուստ տալ եւ հասնիլ Ամերիկա, ուր իր պատմութիւնը դարձած է ցնցիչ:
Այս ժապաւէնով «Զօրեան» հիմնարկի նպատակն է՝ ներկայացնել հիմնարկի` Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան հաւաքածոյի վկայութիւնները մեծ պաստառի վրայ` վաւերագրական շարժանկարի միջոցով, փոխանցել Ցեղասպանութենէն վերապրածներու պատմութիւնները երիտասարդ սերունդներուն` յատկապէս աղջիկներուն, հզօրացնել զանոնք եւ ներկայացնել անոնց նախնիներուն ապրած մեծ դժբախտութիւնները եւ բռնութիւնները:
2015ին` Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին, «Զօրեան» հիմնարկը համագործակցութեան պայմանագիր կնքեց Հայաստանի մէջ գործող «Բարս Մեդիա» մշակութային հիմնարկին հետ` Ա. Մարտիկանեանի վկայութեան հիման վրայ շարժանկար պատրաստելու նպատակով:
Այս ժապաւէնը կեանքի կոչուած է Հայաստանի «Զօրեան» հիմնարկի պատասխանատուներու գիտական աջակցութեամբ եւ հիմնուած է հիմնարկին՝ Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան արխիւին մէջ պահուող հարցազրոյցին վրայ, որ կատարուած է 29 Յունուար 1984ին:
Ժապաւէնին բեմադրիչն է Իննա Սահակեան: Անիկա պատրաստուած է Վարդան Յովհաննիսեանի կողմէ ղեկավարուող «Բարս Մեդիա»ի, Gebrueder Beetz Filmproduktion & Artbox Laisvalaikio Klubas-ի կողմէ, Eurimages-ի, Հայաստանի «Զօրեան» հիմնարկի եւ Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի ֆինանսական համագործակցութեամբ, եւ Lithuanian Film Center, ZDF/ARTE, Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան եւ LRT-ի աջակցութեամբ:

«Զօրեան» հիմնարկ ը խանդավառ է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան նախագիծի մեկնարկէն 40 տարի ետո, որուն ծիրին մէջ հաւաքուած են վերապրածներու վկայութիւններ 4 մայր ցամաքներու մէջ, այսօր Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ծոռները կրնան ծանօթանալ իրենց նախնիներու կեանքին՝ Ցեղասպանութենէն առաջ, ընթացքին եւ Ցեղասպանութենէն ետք, ժապաւէնի մը միջոցով, որ ներդաշնակօրէն կը միահիւսէ «Զօրեան» հիմնարկին՝ Արշալոյսին հետ կատարուած բացառիկ հարցազրոյցի տեսարանները եւ «Բարս Մեդիա»ի եւ վերջինիս գերմանացի ու լիթուանիացի համաարտադրողներու ստեղծած փայլուն շարժանկարը, ինչպէս նաեւ տեսարաններ 1919ի «Հոգիների Աճուրդը» համր ժապաւէնէն (ժապաւէն` Արշալոյս Մարտիկեանեանի մասնակցութեամբ, զոր պատրաստած էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Ամերիկեան նպաստամատոյց կազմակերպութիւնը (Near East Relief):
«Արշալոյսի Լուսաբացը» ժապաւէնի համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթ Ֆրանսայի մէջ` «Էննեսի» միջազգային հեղինակաւոր շարժանկարային ժապաւէններու փառատօնին:
Հիմնարկէն կը յայտնեն, որ բացի Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան նախագիծի սկզբնական արժէքէն, «Արշալոյսի Լուսաբացը» ժապաւէնը ունէր առաւել քան 1,000,000 տոլար պիւտճէ, եւ այս Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու այս անգնահատելի պատմութիւնները լուսարձակի տակ բերելու սկիզբն է միայն։
Ահռելի անբարոյական դահիճ Թուրք ժանդառմներու կողմից մերկ պարեցնել կստիպէյին մեր բռնի կերպով հափշտակած պատանի կոյս աղջիկները եւ նորապսակ հարսերը իրենցքմահաճոյքի համար, ես շատ վաղուց ձեռք բերածեմ այս ոչ դիմանալի պատկերված կազմված գիրքը «Օռեօռա Մարդիգանյանի» պատմածը վորը բախտի բերմամբ փրկվելէր, գրքին անունը Անգլերենով “THE AUCTION OF SOULS” որը մինչ այսօր քովս պահված կը մննա, աւաղ կազմը կորցրելեմ, կարդալուս շատ արտասվելէմ. Յ.Գ. Իմ աշխատանքի լաւ Անգլիացի ընկերս կարդաց աչքերին չհաւատաց. Ավելացնեմ ւոր ՇՕՏԼԱՆԴՑԻ տրօնենս ինձանից խնդրեց «Մոուսադաղի Քառասուն Օրեր» գիրքը, վորը անգամ ադեն կարդացածեր լսելովս մօտեն ծանօթ Հայ պաշտօնյամը ուներ անալ գաղթած Ամերիկա, Իրաքի խիստ պայմանների հետևանքով դժվարեր ձեռք բերել մեր Ազգայն գրքեր.