ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական այցելութեամբ Իրան գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆի հետ, որ շեշտեց, թէ խորհրդարանները պէտք է օրէնսդրական մակարդակի վրայ աջակցին Իրան-Հայաստան երկաթուղային եւ ինքնաշարժներու ուղիներու բացման ու ենթակառուցուածքներու ստեղծման գործընթացներուն։
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն` Ղալիպաֆ ընդգծեց երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատումը:
Անդրադառնալով Արցախի դէմ ատրպէյճանական-թրքական վերջին յարձակումին եւ անոր արդիւնքներուն՝ Սիմոնեան շեշտեց, որ բազմաթիւ մարդկային հարցեր կան, յատկապէս ռազմագերիներու վերադարձը, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանումը:
«Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ադրբեջանի ոտնձգութիւնները վտանգում են տարածաշրջանի կայունութեանն ու անվտանգութեանն ուղղուած մեր ջանքերը: Այս առումով մենք բարձր ենք գնահատում Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմանների անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը», հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց Սիմոնեան։
Կողմերը քննարկեցին նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու տարանցման վերջին մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման ուղիները: