ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ընկերներու եւ նոյնիսկ հարազատներու միջեւ գժտութիւններ կամ որեւէ պատճառով անհամաձայնութիւններ, անհամ կացութիւններ կը ստեղծուին: Ներկայ դարու խռովութեանց պատճառները ընդհանրապէս տնտեսական խնդիրներ ունին իրենց ետին: Ասոնց շարքին են պարտքով վերցուած եւ չվերադարձուած գումարներ, ժառանգական անլուծելի հարցեր եւ այլ դժուարութիւններ, որոնք բոլորն ալ առնչուած են նիւթին: Հարազատ եղբայրներու իրարու հանդէպ վերաբերման տխուր օրինակներ շատ կան, երբ բաւական սպասելէ ետք, որ վերցուցած պարտքը վերադարձնէ, պարտատէրը դիմած է «գործնական» վրէժի, սպաննելով իր հարազատ եղբայրը: Տեսնուած է նաեւ, նոյնիսկ իր պապենական ժառանգին արդար իրաւունքը ունեցող մարդը մահով հեռացած է այս աշխարհէն, առանց ստանձնելու կամ գէթ տեսնելու իրեն ժառանգ ինկած բաժինը…:
Իրական աշխարհը շատ աւելի դառն է, քան մեր ունեցած պատկերացումը անոր մասին: Խորհրդատու մարդիկ միշտ իրենց շրջապատին մէջ գտնուողները կը խրատեն, որ նոյնիսկ կեանքի մէկ վայրկեանն իսկ առանց ուրախութեան չանցընեն, որովհետեւ կեանքին ճիշդ իմաստը այն է, որ անոր ամէն մէկ վայրկեանը ապրիս: Կեանքը ապրիլ՝ կը նշանակէ զայն վայելել, այլապէս ի՞նչ իմաստ պիտի ունենայ այս աշխարհ եկած ըլլալդ, եթէ զայն պիտի չապրիս:
Ընկերային կեանքի դժուարութիւններուն մասին նուազագոյն ակնարկ մը, կրնայ ոմանց համար յուսահատական ըլլալ: Տարբեր երկիրներու մէջ տնտեսական փլուզումներ, որոնց հետեւանքով անգործութիւն, կրնան սնանկացնել բարեկեցիկ կեանքով ապրող եւ ինքնաբաւ մարդոց, պատճառ դառնալով դժբախտութիւններու:
Նիւթապէս ապահովուած եւ իրենց նորահիմն ու վաճառաշահ խանութներու ելեւմուտով այնքան ինքնավստահ մարդիկ մտածե՞ր էին, որ յանկարծ համաճարակ մը սկիզբ պիտի առնէ եւ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը տարածուի ակնթարթային ոստումով…:
Ճաշարանատէր եւ մէկէ աւելի մասնաճիւղերով գործը զարգացուցած ընկերութիւններ մտածե՞ր էին, որ առողջապահական խիստ օրէնքներու ստիպումով, պետական կառոյցներ բռնի պիտի փակել տային բոլոր ճաշարաններուն դռները…: Նման անակնկալներ միշտ ալ ունեցած է աշխարհը, բայց մարդիկ բնաւ չեն կրցած դաս քաղել կեանքի մէջ պատահած դէպքերէն:
Դժբախտութիւններու պատճառները սակայն, միայն կամքէ անկախ պատահած դէպքերը չեն այս կեանքին մէջ: Վերոյիշեալ դժուարութիւններէն շատերը դիտումնաւոր կամ նախածրագրուած կրնան չըլլալ: Օրինակ, Ցեղասպանութեան յաջորդող աքսորի ժամանակ, կեղտոտութեան հետեւանքով ծայր առած հիւանդութիւնները եւ համաճարակը մէկը չնպատակադրեց: Ատիկա հետեւանքն է մեծաթիւ մարդոց ֆիզիքապէս երկար ժամանակ անմաքուր մնալուն: Սակայն, դժուարութիւններ կան, որոնց հեղինակը մարդիկ են: Այս տեսակի դժուարութիւնները անոնք կը նախածրագրեն եւ գործադրութեան կը դնեն:
Դարձեալ օրինակ վերցնենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այն նախածրագրուած ու գործադրութեան դրուած որոշում եւ արարք էր: Մարդկային անբարոյ ծրագրաւորում, որ նոյնքան անբարոյութեամբ ալ գործադրուեցաւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Ընկերային փոխյարաբերութիւնները իրենց հաւաքական տեսակէն շատ աւելի, անհատական բարդութիւններու տեսակներ ունին: Ինչքա՜ն անհատական խնդիրներ կան մարդոց միջեւ…: Պատկերաւոր բացատրութեամբ եթէ ուզենք ներկայացնել այս պարագան, կրնանք ըսել, որ պատահական քար մը վերցնենք գետնէն, անոր տակ պիտի գտնենք երկու անձերու միջեւ թաքնուած անլուծելի խնդիր մը, որ պատճառ դարձած է անոնց գժտութեան…: Խնդիրներու այս տեսակները այնպիսին են, որոնք ժամանակի հետ լուծում գտնելու փոխարէն, աւելի կը բարդանան: Ժողովրդային ասոյթը մխիթարական շեշտով կ՛ըսէ՝ «Ժամանակը կը լուծէ ամէն դժուարութիւն»: Ինքնամխիթարութեան կերպ մըն է ասիկա:
Ճիշդ է, որոշ պարագաներու, ինչպէս սուգ ու վիշտ, ժամանակը բալասան կը դառնայ: Սակայն վերը նշածներուս պարագային կը տեսնենք, որ ընդհակառակը, ժամանակը աւելի՛ կը բարդացնէ խնդիրները, մանաւանդ մարդոց միջեւ ատելութիւնը բազմապատկելով:
Իրարու թշնամացած անձեր իրենց ուղեղին մէջ անընդհատ կը կաթեցնեն ոխի թոյնը, կրկնապատկելով իրենց ունեցած ատելութիւնը:
Բարի նկարագիր ունեցող եւ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ կազմաւորուած անձերու համար շատ դժուար է ոխակալութիւնը: Անոնք սովոր են մոռնալ դէպքը եւ անցնիլ կեանքին: Սակայն, ինչպէս ըսուած է՝ «թշնամութիւնը մոռցիր, բայց թշնամիիդ անունը մի՛ մոռնար»: Խորիմաստ սոյն տողին մէջ պարփակուած կայ քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը ամբողջ: Թշնամութիւնը քու հոգիդ կը պղծէ, սակայն թշնամիդ ճանչնալը, միշտ արթուն կը պահէ քեզ, նախազգուշացնելով այլ թշնամութիւններէ:
Թշնամական արարքներու ամէնէն տկար տեսակն է վիրաւորանքը, երբ տկար թշնամիդ իր լեզուին տալով ուժը, խօսքով կը վիրաւորէ քեզ: Ասիկա թշնամիիդ անձին անզօրութիւնը բացայայտելէ բացի, անոր ստորութիւնը ի յայտ պիտի բերէ, որովհետեւ ֆիզիքական ու մտաւոր կարողութիւններուդ անմարսելիութիւնն է, որ զայն կը մղէ անարգական սոյն միջոցին, խօսքով վիրաւորելու քեզ եւ իր ըմբռնած ձեւով անպատուելու:
Շնորհակալութեան զգացումը որեւէ պարագայի այնքան ցանկալի պէտք չէ ըլլայ քեզի, քան այս պարագային, երբ ցարդ բարեկամ ու ընկեր նկատած անձդ իր իսկական դիմագիծը կը բացայայտէ…: Ընկերային կեանքի ամէնէն տխուր դէպքերը արձանագրուած են, երբ երկար տարիներ իրարու հետ ընկերութիւն ունեցած անձերէն մէկը, ի վերջոյ բացայայտած է իր իսկական դիմագիծը, իր ժխտական մօտեցումը արտայայտելով այն անձին, որուն հետ այնքան մտերմութիւն ունէր:
Ո՞վ է բախտաւորը եւ ո՞վ է դժբախտը այս պարագային: Ոմանք անմիջական անդրադարձ ունենալով սոյն կացութեան, զոհի կարգավիճակ կը պարգեւէն անոր, որ ցարդ խաբուած էր իր կեղծաւոր ընկերէն: Ցարդ քեզի ընկեր ու բարեկամ թուացող անձը երբ վիրաւորէ քեզ կամ անարգէ, այնքան շնորհակալ պէտք է ըլլաս անոր, ո՛չ թէ քեզ վիրաւորած կամ անարգած ըլլալուն համար, այլ իր իսկական դէմքը քեզի յայտնած ըլլալուն…: Ուրեմն, ընդհանրական կարծիքով դժբախտ նկատուած կամ զոհ դարձած անձը չէ՛ տուժողը: Ընդհակառակը, անիկա շահո՛ղն է, որովհետեւ Աստուծոյ ողորմութեամբ ազատեցաւ երկար տարիներու իր «ստրկութենէն», կեղծաւոր անձի մը ճիրաններուն մէջ գերի մնալէն: Աւելին, վերոյիշեալ ստրկութենէն ազատուող անձը շնորհակալ պէտք է ըլլայ իր նախկին բարեկամ եւ նորայայտ թշնամիին, որ առիթ ստեղծեց, կեղտոտ նկարագրով անձի մը ընկերութեան վերջ դնելու, եւ իսկապէս լաւ մարդոց ընկերանալու նոր առիթներ ունենալու:
Մի՛ նեղանար, երբ վիրաւորեն քեզ: Ընդհակառակը շնորհակալութիւն յայտնէ: Անոնք իրենց ցարդ ծածուկ մնացած նկարագիրը բացայայտած եղան, քեզ փրկելով աւելորդ ստրկութենէ:
Աւելին, առիթ պիտի ունենաս այնպիսի անձերու ծանօթանալու, որոնք հիասթափութեան առիթ պիտի չտան քեզի, եւ որոնք իսկապէս արժանի են Մարդ կոչումին: