15 տարիներ առաջ, 1991ին ՀՕՄի մեծ ընտանիքին միացաւ Պըրպէնքի «Արազ» մասնաճիւղը: Հազիւ տասը ընկերուհիներով սկիզբ առած այս մասնաճիւղը այսօր ոչ միայն բազմապատկած է իր շարքերը, այլ բեղուն գործունէութեամբ տիրական ներկայութիւն դարձած է շրջանէն ներս: Այս ուրախ առիթով Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբերի երեկոյեան, մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի 15ամեակը, Կլէնտէյլի «Պրանտվիու քոլէքշըն» ճաշարանի սրահը, աւելի քան 300 մասնակիցներու ներկայութեամբ:
Ժամը 7էն սկսեալ, հիւրասիրութեան առընթեր տեղի ունեցաւ լուռ աճուրդ, ջութակահար Ալէն Աղաճանեանի հրամցուցած հայկական մեղեդիներու ընկերակցութեամբ:
Ձեռնարկի պաշտօնական յայտագրի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց ընկհ. Մարալ Չալեան, որ առաջին հերթին հրաւիրեց ծանօթ երգչուհի եւ ՀՕՄուհի ընկհ. Հեղինէ Հարպոյեանը՝ մեներգելու Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգները:
Ապա, ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկհ. Նովա Հինտոյեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Սօնիա Փելթէքեան, Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Րաֆֆի Մանուկեան, Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի քարտուղար Արտաշէս Քացախեան, Հ.Յ.Դ. «Աղբալեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Ստեփան Պոյաճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Սարօ Ղազարեան, ծերակուտական Էտըմ Շիֆի գրասենեակի ներկայացուցիչ Հայկ Քարթունեան, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ՀՕՄուհիներ եւ հիւրեր:
Մօրը օրինակով ՀՕՄուհի արձանագրուած ընկհ. Չալեան, թուելով իր փորձառութիւնները ՀՕՄէն ներս, վեր առաւ ՀՕՄի առաքելութիւնը, ընդգծելով մարդկութեան օգտակար հանդիսանալու կարեւորութիւնը, որ գլխաւոր նպատակն է կանացի այս մեծ կազմակերպութեան, որուն կարեւոր մասնիկներէն մէկը դարձած է ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղը եւ, հակառակ իր փոքր թիւին, մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ իր շրջապատին:
Իր խօսքերէն ետք, հանդիսավարը հրաւիրեց Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանը, որ օրհնեց եւ շնորհաւորական իր խօսքերը փոխանցեց ներկաներուն:
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան, որ առաջին հերթին ողջունելով օրուան պաշտօնական հիւրերն ու ներկաները, երեկոն պատմական օր որակեց ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի համար, որ 15 երկար տարիներ անընդմէջ փորձած էր գործադրել ՀՕՄի գերագոյն նպատակը՝ «ծառայել հայ ժողովուրդին եւ պահպանել մեր մշակոյթը»:
Ապա, հակիրճ ակնարկ մը նետելով մասնաճիւղի պատմականին վրայ, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ներկաներուն, որոնք հպարտալի այս պահը կը բաժնեկցին մասնաճիւղին հետ:
Այնուհետեւ ներկայացնելով մասնաճիւղի 15ամեայ բեղուն գործունէութիւնը, ըսաւ.
«Մենք բազմացանք: Մենք մեր գործունէութեամբ ՀՕՄը ծանօթացուցինք տեղական մեր շրջապատին, յատկապէս յարաբերութիւն մշակելով Պըրպէնքի ընկերային ծառայութեան եւ բարեգործական զանազան կազմակերպութիւններու հետ: Մօտէն գործակցեցանք մեր քոյր միութիւններուն հետ: Մասնակից դարձանք ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ազգանուէր ծրագիրներուն, անկախ Հայաստանի, ազատագրուած Արցախի, օգնութեան կարօտ Չաւախքի եւ Սփիւռքի մէջ: Պարգեւատրեցինք Պըրպէնքի հանրային վարժարաններու յառաջադէմ շրջանաւարտ հայ աշակերտները: ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան եւ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ջանքերով, մասնաճիւղիս մեծագոյն նուաճումը եղաւ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի բացումը Պըրպէնքի մէջ»:
Ընկերուհին նաեւ հպարտութեամբ ներկայացուց ձեռնարկին ներկայ մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն Քաթիա Մկրտիչեանը (առաջին ատենապետուհի), Անի Պէրպէրեանը, Զարթիկ Խաչատուրեանը, Սեդա Մարթիրը, Իսկուհի Ադամեանը եւ Ալիս Պուտաքեանը:
«Այսօր 15 տարիներու փորձառութեամբ կը ներկայանանք հանրութեան: Այս մասնաճիւղը ամբողջ 15 տարիներ գոյատեւեց, շնորհիւ իր նուիրեալ ընկերուհիներուն, առատաձեռն նուիրատուներուն, հովանաւորներուն եւ համակիրներուն, որոնց մեր անսահման շնորհակալութիւնները կը յայտնենք: Այս է ՀՕՄի ոգին, որ 96 տարիներու պատմութեամբ եւ մանաւանդ մարդասիրական գործունէութեամբ, գրաւած է սրտերը համայն մարդկութեան», եզրակացուց ընկհ. ատենապետուհին:
ՀՕՄԻ Շրջանային վարչութեան անունով մասնաճիւղի 15ամեակը ողջունեց ատենապետուհի ընկհ. Սօնիա Փելթէքեան, որ առաջին հերթին ընդգծելէ ետք մասնաճիւղի թուական աճը, մատնանշեց անոր արձանագրած յաջողութիւնները, որոնցմէ մեծագոյնը՝ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի բացումն էր: «Պատմական օր է «Արազ» մասնաճիւղին եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ շրջանի ՀՕՄի մեծ ընտանիքին համար: Այսօր «Արազ» մասնաճիւղը 15ամեայ փորձառութեամբ կը ներկայանայ հանրութեան՝ վայելելով իր շրջապատի յարգանքն ու վստահութիւնը: Յարգանքը չի պարտադրուիր, այլ՝ կը վաստակուի: Այս իմաստով «Արազ» մասնաճիւղի ներկայ եւ անցեալի վարչութիւնները եւ անդամուհիները բազմազան հանրօգուտ ծառայութիւններով կրցան այդ յարգանքը վաստակել մասնաճիւղի համար: Կեցցե՛ն «Արազ» մասնաճիւղի նուիրեալ ընկերուհիները, որոնք հաւատքով կ’իրականացնեն ՀՕՄի առաքելութիւնը»:
Ապա, բեմ հրաւիրեց մասնաճիւղի առաջին ատենապետուհի ընկհ. Քաթիա Մկրտիչեանը եւ ներկայ ատենապետուհի ընկհ. Վիքի Մարաշլեանը եւ վերջինին յանձնեց մասնաճիւղի 15ամեայ ծառայութիւնը գնահատող յուշատախտակ մը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկի գլխաւոր առանցքը հանդիսացող մոմավառութիւնը: 15 մոմավառներ հերթաբար վառեցին մասնաճիւղի 15ամեակը խորհրդանշող մոմերը, նորանոր նուաճումներու հեռանկարներով յուսադրելով ներկաները:
Մոմավառներն էին. Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէն, ՀՕՄի «Անահիտ», «Կարս», «Մայր (Հոլիվուտ) եւ «Սիփան» մասնաճիւղերը, տիկ. Արմինէ Ասլանեան, ընկհ. Քրիսթին Քէշիշեան, ընկհ. Թամար Գրիգորեան, ընկհ. Ժասիկ Չառահեան, ընկհ. Նանիկ Քիւփէլեան, ընկհ. Արմինէ Պէրպէրեան, ընկհ. Զարթիկ Խաչատուրեան, պրն. Վաչէ Մարգանեան եւ Քաթրին Սարուխանեան, տէր եւ տիկ. Դրօ եւ Անժի Քէշիշեան, տէր եւ տիկ. Զարեհ եւ Անի Չալեան եւ ընտանիք:
Յատուկ մոմեր վառեցան նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ընկհ. Նովա Հինտոյեան, Շրջանային վարչութեան կողմէ՝ ընկհ. Սօնիա Փելթէքեան, իսկ «Արազ» մասնաճիւղի կողմէ՝ ընկհ. Վիքի Մարաշլեան:
Այնուհետեւ, մոմավառները կտրեցին նոյն նպատակով պատրաստուած հսկայական կարկանդակը, որ բաժնուեցաւ ներկաներուն:
Պաշտօնական յայտագրի աւարտէն ետք, ուրախութեամբ թնդաց սրահը: Երեկոն խանդավառեցին սիրուած երգիչ Գրիգոր Պոյաճեան եւ «Զանգեզուր» նուագախումբը: Ներկաները շուրջպարերով երջանիկ պահեր ապրեցան:
Երեկոն վերջ գտաւ ուշ գիշերին: Մասնակիցները, յատկապէս ազգային-յեղափոխական երգերով յագեցած մեկնեցան տուն, ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի գործունէութեամբ ոգեւորուած: