ԵՐԵՒԱՆ.- Արաբկիրի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ յարող տարածքէն 16 Յունիսին մեկնարկեց «Դիմադրութիւն» շարժման իրազեկման երթը:
Կոմիտասի պողոտայէն երթին մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի քննչական կոմիտէ, ուր իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին՝ ընդդէմ Հայաստանի մէջ իրաւական կամայականութիւններու:
Ապա երթին մասնակցողները կանգ առին նաեւ Հակափտածութեան կոմիտէին մօտ՝ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու համար ապօրինի ձերբակալութիւններու, ոստիկանութեան բռնութիւններու դէմ:
Քայլերթը հասաւ Ֆրանսայի հրապարակը, ուր խօսք առաւ «Հայաստան» խմակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, որ ըսաւ. «Նախօրէին խորհրդարանում Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ ցանկացած կարգավիճակ, որը կ՛երաշխաւորի արցահայութեան, ԼՂ հայութեան անվտանգութիւնը, մեզ համար ընդունելի է: Մարդը բացայայտ յայտարարում է, որ դէմ չէ, որ Արցախը լինի Ադրբեջանի կազմում»՝ յիշեցնելով Փաշինեանի՝ աղմուկ հանած յայտարարութեան մասին:
Ասոր պատասխանը, ինչպէս նշեց Սաղաթէլեան, 16 Յունիսին հնչեց՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ: Ան յիշեցուց նաեւ այլ նախազգուշացման մը մասին, զոր իրենք կը հնչեցնեն երկար ատենէ ի վեր։ «Երբ ամիսներ շարունակ ասում էինք, որ Ալիեւը եւ Նիկոլը ունեն պայմանաւորուածութիւն՝ երկիրը կտոր-կտոր յանձնելու, դեռ կային մարդիկ, ովքեր ասում էին՝ այդպէս չէ: Կարծում եմ՝ գոնէ այսօրուանից յետոյ բոլոր այն մարդիկ, ովքեր ինչ-ինչ հանգամանքներից ելնելով՝ դեռ ջրբաժանի այդ հատուածում են, պէտք է հասկանան, որ դաւաճանի հետ հաւասար պատասխանատուութիւն են կրելու», յայտարարեց Սաղաթէլեան:

Նոյն օրը, աւելի կանուխ, Իշխան Սաղաթէլեան Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անգամ մը եւս ներկայացուց երկու ամիսներու ընթացքին «Դիմադրութիւն» շարժման գործունէութիւնը, անցած ուղին, յստակ ձեռքբերումները, խօսեցաւ շարժման կառուցուածքին, մարտավարութեան փոփոխութիւններուն եւ կատարելիքներուն մասին: «Փոխուեց իրավիճակ: Հայ ժողովուրդը ցոյց տուեց, որ օրուայ իշխանութիւնը չունի մանդատ ժողովրդի կողմից երկիրը նոր զիջումների տանելու: Հայ ժողովուրդը միջազգային հանրութեանը յստակ կոչ յղեց, որ օրուայ իշխանութիւնների կողմից վարուող քաղաքականութիւնը մերժւում է հայ ժողովրդի կողմից: Շարժման կոչը, որ ժողովուրդ, լաօ, զարթնիր, տէր կանգնի քո երկրին, այդ իրավիճակը մեր երկրում ստեղծուել է», ըսաւ ան:
Սաղաթէլեան շեշտեց, որ ներկայիս իրենց առջեւ խնդիր կայ օր առաջ հասնիլ իշխանափոխութեան՝ աւելցնելով, որ թէեւ այդ ուղղութեամբ բոլոր քայլերը առնուած են, բայց գլխաւոր հարցը կը մնայ անլոյծ: