ՔՈԼՈՄՊԻՈՅ ՄԷՋ՝ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ
Ֆրանսացի քուէարկողները 19 Յունիսին ուղղուեցան քուէարկութեան կեդրոններ՝ մասնակցելու համար խորհրդարանական ընտրութիւններու 2րդ փուլին, որուն արդիւնքը պիտի ճշդէ 5 տարուան ընթացքին նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի խուսանաւում կատարելու սահմանները ընդդէմ միացեալ եւ ճակատումի պատրաստ ձախակողմեան ուժերուն:
Առաջին փուլին 577 երեսփոխաններէն միայն 5ը ընտրուած էին:
Երկրորդ փուլի մասնակցութեան համեմատութիւնը 46 առ հարիւր էր: Ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիմամբ՝ Մաքրոնի կուսակցութիւնը ապահովեց 157 աթոռներ՝ խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութիւն կազմելու համար պէտք եղածէն 60 աթոռ պակաս, մինչ 2րդ դիրքը գրաւեց ձախակողմեան ուժերու դաշինքը (149 աթոռ), իսկ 3րդ դիրքը՝ ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային համախմբում»ը (89 աթոռ):
Մինչ այդ, Քոլոմպիոյ նախագահական ընտրութիւններու նախնական հաշուարկէն ետք քուէներուն 50.44 առ հարիւրով յաղթանակ արձանագրեց միացեալ ձախակողմեան ուժերու թեկնածու Կուսթաւօ Փեթրօ:
Ընկերվարականներու ղեկավարին Քոլոմպիոյ նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակը պատմական որակուեցաւ: Փեթրոյի յաղթանակը շնորհաւորեցին Արժանթինի, Մեքսիքայի, Պոլիվիոյ, Վենեզուելլայի, Հոնտուրասի, Նիքարակուայի, Չիլիի, Քուպայի, Միացեալ
Նահանգներու եւ շարք մը այլ երկիրներու ղեկավարները:
Փեթրոյի յաղթանակով, նախագահական պալատի ղեկավարութիւնը երկրի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՛անցնի Քոլոմպիոյ մէջ երկարամեայ հրոսակային շարժման մօտիկ եղող ձախակողմեան քաղաքական ուժերուն: 62ամեայ Փեթրօ տնտեսագէտ է եւ ապստամբական շարժման նախկին անդամ: Ան եղած է ծերակուտական եւ երկրի մայրաքաղաքի նախկին քաղաքապետը:
Փեթրոյի փոխնախագահի թեկնածուն կեսոլորտի գործիչ եւ իրաւապաշտպան 40ամեայ Ֆրանսիա Մարքեսն է, որ պիտի դառնայ Քոլոմպիոյ առաջին սեւամորթ փոխնախագահը: