ՊԵՐԼԻՆ.- Ըստ գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին՝ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ ղեկավարներ Օլաֆ Շոլց, Էմանուէլ Մաքրոն եւ Մարիօ Տրակի Քիեւ իրենց այցելութեան ընթացքին «փակ դռներու ետին» իրենց ուքրանացի պաշտօնակից Վլատիմիր Զելենսքիին կոչ ուղղեցին՝ վերսկսելու ռուսական կողմին հետ բանակցութիւններուն:
Աղբիւրը նոյն ժամանակ կը գրէ, որ թէեւ եռեակի այցելութիւնը «ուշացած էր», սակայն այն փաստը, որ երեք եւրոպացի ղեկավարները միասին կը ճամբորդեն, կ՛արդարացնէ այցելութեան ձգձգումը, որովհետեւ անիկա «միասնութեան ուժեղ ազդանշան է»:
Միւս կողմէ, Եւրոպական յանձնաժողովը խորհուրդ տուած է Ուքրանիոյ տրամադրել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ: Առաջարկուած է նաեւ նման կարգավիճակ շնորհել Մոլտովային: Այս մասին կը հաղորդէ «Ար.Պի.Սի.-Ուքրանիա»ն՝ յղում կատարելով Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենի յայտարարութեան, ոռուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Ուքրանիա յստակօրէն ցոյց տուած է եւրոպական արժէքներուն եւ չափանիշներուն համապատասխան ապրելու իր ցանկութիւնը եւ վճռականութիւնը»:
Եւրոպական Միութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Եւրոպական Միութեան համարկման հարցին մէջ «կանաչ լոյս» տուած է երկրի մը, ուր պատերազմ տեղի կ՛ունենայ, եւ կան բռնագրաւուած տարածքներ:
Բացի առաջարկներէն, Ուքրանիա այժմ պիտի ստանայ պահանջներ, զորս ան պէտք է ապագային կատարէ: Մասնաւորաբար, անոնք կը վերաբերին օրէնքի գերակայութեան, արդարադատութեան համակարգին եւ զեղծարարութեան դէմ պայքարին: Այսպիսով, Եւրոպական յանձնաժողովի այս առաջարկները պիտի ներկայացուին Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն՝ քաղաքական որոշումի որդեգրման համար:
Ինչ կը վերաբերի Վրաստանին, «էխոքաւքազա» կայքը կը գրէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովը ըսած է, որ այդ երկիրը, ի տարբերութիւն Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի, կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստանալ միայն շարք մը պայմաններու կատարման պարագային: