ՊՐԱԶԻԼԻԱ, »Ռոյթըրզ«.- Պրազիլցիները Կիրակի, Հոկտեմբեր 1ին ուղղուեցան քուէակեդրոններ, նախագահական ընտրութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար։ Նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա տա Սիլվա թէեւ կը մնայ աշխատաւորներու եւ չքաւորներու նախասիրած քաղաքական ղեկավարը, սակայն ան չկրցաւ քուէներուն բացարձակ առաւելութիւնը (50 առ հարիւրէն աւելի) ապահովել՝ վերջերս զեղծարարութեանց վերաբերող հարցերու մէջ իր կառավարութեան ունեցած դերակատարութեան պատճառով։ Լուլա շահեցաւ քուէներուն 48.6 տոկոսը, մինչ անոր ամենամօտիկ մրցակիցն է Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան թեկնածուն՝ Կերալտօ Ալքմին, որ կրցաւ խլել քուէներուն 41.6 տոկոսը:
Նախագահական ընտրութեանց երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 29ին։
Քուէարկութեան մասնակցեցան Ամազոնի խրճիթներէն մինչեւ Սաօ Փաուլոյի հսկայական շէնքերուն մէջ բնակող աւելի քան 125 միլիոն պրազիլցիներ։ Ընտրութիւնը 6րդն է 1985էն ի վեր, երբ 21 տարուան զինուորական իշխանութիւնը վերջ գտաւ երկրին մէջ։
60ամեայ Լուլա կօշիկներ ներկող աղքատ պատանիի դիրքէն բարձրացած է Լատին Ամերիկայի ամէնէն մեծ երկրին նախագահի պաշտօնին: