ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175ամեակին առիթով, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովանաւորութեամբ, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը հրաւիրուած էր «Երկինքը մեր աստղազարդ» վերնագրուած համերգը տալու: Խմբավարութեամբ մայէսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, յոբելենական համերգը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 19 Յունիսի երեկոյեան, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:
Սոյն համերգը ունեցաւ զանազան ժամանակներէ երգերու եւ «Գուսան» երգչախումբի երգածրարէն մշակումներ: Համերգին ընթացքին խօսք առաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Կարէն Եոսուլքանեան, իսկ փակման խօսքը ուղղեց Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան:
Համերգին երրորդ բաժինին մէջ, «Գուսան» երգչախումբին միացաւ «Արմիս» երգչախումբը` խմբավարութեամբ վերապատուելի Նշան Պագալեանի. երկու երգչախումբերը միասնաբար կատարեցին այդ բաժինը: