Չեչնիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով յայտարարեց, որ «դժուար ժամանակներու մէջ» գտնուող Ռուսիոյ համար Հաւաքական ապահովութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) որեւէ օգուտ չկայ: Քատիրով կշտամբեց կազմակերպութեան ղեկավարները՝ արեւմտեան պատժամիջոցներու մտավախութեան պատճառով լռութեան մատնուելնուն համար:
«Ահա գոյութիւն ունի ՀԱՊԿ կազմակերպութիւնը: Ռուսիա կ՛օգնէ բոլորին, բայց Ռուսիոյ այս կազմակերպութենէն որեւէ օգուտ չկայ», պնդեց ան:
Դիմելով ՀԱՊԿի երկիրներուն՝ Քատիրով յորդորեց. «Միացէ՛ք եւ ըսէ՛ք ձեր խօսքը: Եթէ կայ պետութիւն, եթէ կայ դաշնակից, պէտք է որոշէ եւ կատարէ իր քայլը: Ո՞վ փրկեց Պելոռուսը՝ Ռուսիան: Ո՞վ փրկեց Ղազախստանը՝ Ռուսիան: Ո՞վ կանգնեցուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմը՝ Ռուսիան: Իսկ երբ օգնութիւնը Ռուսիոյ պէտք է, բոլորը կը լռեն, դուք կը վախնաք պատժամիջոցներէն», եզրակացուց Քատիրով: