Աֆղանիստանի արեւելեան Փաքթիքա նահանգին մէջ, Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած 6.1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժին պատճառով առաւել քան 1000 զոհեր արձանագրուեցան։
Աղէտին պատճառով վիրաւորուեցան հարիւրաւոր աֆղաններ, որոնց օգտնութիւն հասցնելու ջանքերը կը դժուարանան շրջանին դժուար հասանելի ըլլալուն եւ տեղացող յորդառատ անձրեւներուն պատճառով։
«Թալեպան» շարժումի տեղական ներկայացուցիչները կը նշեն, որ ասոնք նախնական տուեալներ են, իսկ զոհերու թիւը, շատ հաւանաբար, պիտի աճի: