Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ պըն Սալման իշխանը Չորեքշաբթի օր Թուրքիա այցելեց: Այս մէկը իր տեսակին մէջ առաջինն էր 2018էն ի վեր, երբ Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ճամալ Խաշոկճիի սպաննուեցաւ, որմէ ետք Անգարա ոճիրը կապեց Ռիատի վերնախաւին հետ։
Այցելութեան աւարտին, սէուտական եւ թրքական իշխանութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեցին, որ երկու երկիրները իրենց վճռականութիւնը յայտնած են իրենց միջեւ գործակցութեան նոր փուլ սկսելու եւ իրենց միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը դիւրացնելու հարցը քննարկած են՝ նշելով, որ Անգարա սէուտական ներդրումային հիմնադրամներուն կոչ ուղղած է՝ թրքական ընկերութիւններու մէջ ներդրում կատարելու:
Նախքան Թուրքիա այցելելը իշխանը այցելած էր Եգիպտոս եւ Յորդանան: