ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բարձրագոյն դատական խորհուրդը (ԲԴԽ) որոշեց բաւարարել Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ (լիազօրութիւնները կասեցուած) Ռուբէն Վարդազարեանը կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը: 23 Յունիսի նիստին համապատասխան որոշումը հրապարակեց ԲԴԽի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Ջհանգիրեան:
Ջհանգիրեան յայտնեց, որ Բարձրագոյն դատական խորհուրդը դռնբաց նիստին քննութեան առարկայ դարձուցած է Վարդազարեանը կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկելու վերաբերեալ միջնորդութիւն կազմող յանձնախումբին՝ 18 Մայիս 2022ին խորհուրդին ներկայացուած միջնորդութիւնը եւ կից ներկայացուած փաստաթուղթերը եւ՝ ղեկավարուելով Սահմանադրութեամբ, Հայաստանի դատական օրէնսգիրք սահմանադրական օրէնքով՝ որոշեց ԲԴԽի նախագահ (լիազօրութիւնները կասեցուած) Ռուբէն Վարդազարեանը կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկելու վերաբերեալ յանձնախումբի միջնորդութիւնը բաւարարել:
«Տրուել է ԲԴԽ անդամ, նախագահ, Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Ռուբէն Վարդազարեանի լիազօրութիւններն էական կարգապահական խախտման հիմքով դադարեցնելու որոշում», հաստատեց Ջհանգիրեան՝ աւելցնելով, որ որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն եւ անիկա վերջնական է:
Որոշման վերաբերեալ յատուկ կարծիքներ յայտնեցին Մեսրոպ Մակեան եւ Սերգէյ Չիչոյեան: Դէմ եղաւ Անի Մխիթարեան, որ ունի նաեւ յատուկ կարծիք:
Այս որոշումը տրուած էր 16 Յունիսին, սակայն հրապարակուեցաւ 23 Յունիսին:
Ռուբէն Վարդազարեանի դէմ կարգապահական վարոյթ յարուցուած էր ԲԴԽի 3 անդամներու՝ Գրիգոր Բեքմեզեանի, Լիպարիտ Մելիքջանեանի եւ Դաւիթ Խաչատուրեանի նախաձեռնութեամբ:
Ըստ յանձնախումբի ներկայացուցած միջնորդութեան՝ Ռուբէն Վարդազարեանը կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկելու վերաբերեալ միջնորդութեան հիմք եղած է «ArmDaily» ելեկտրոնային պարբերականին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին կատարուած արտայայտութիւնները, որոնք, ըստ յանձնախումբին, կը խախտեն Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամի վարքագիծի կանոնները: