ԱԼԷՔՍ ԱՐՄՍԹՐՈՆԿ

Գէորգ Պուրսալեան մահացաւ Մայիս 7, 2022ին իր տան մէջ, շրջապատուած ընտանիքի անդամներով, 83 տարեկան հասակին։ Իր ազնուութիւնը, հեզութիւնը եւ կատակասիրութիւնը զգալի էր բոլոր անոնց, որոնք շփում ունեցան Գէորգին հետ։ Գէորգ սիրեց իր նախնիները եւ մշակոյթը եւ նուիրուած էր Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութին։ Ան ծանօթ էր իր լուսանկարչական տաղանդով եւ գեղեցիկ թենոր ձայնով, ձայն մը որ ամէն առիթով լեցուց սրահներ եւ եկեղեցիներ։ Ան նոյնպէս սիրեց ծիծաղը, երբեք չանտեսելով սրամիտ կատակ մը։ Գէորգ վայլեց ընտանեկան, գաղութային եւ արուեստով լի ուրախ կեանք մը։ Հիմա ան կը դիտէ երկինքէն, նուագելով իր սիրած երաշժտութիւնը բարձրաձայն, իր մութ սենեակին մէջ։
Յովհաննէս եւ Մարի Պուրսալեաններուն զաւակը՝ Գէորգ, ծնած էր Յունուար 12, 1939ին, Եողուն Օլուքի մէջ, Մուսա Լեռ։ Գէորգ իր պատանեկան կեանքը անցուց Այնճար, Լիբանան մէջ իր երկու եղբայրներուն հետ՝ Հրայր եւ Գրիգոր։ Այնճարի մէջ հասած նետած Գէորգ իր առաջին սէրը գտաւ Հայ եկեղեցիէն ներս, ուր ստացաւ կրօնական կրթութիւն, Անթիլիասի վանքին մէջ։ Բայց միայն եկեղեցին չէր իր սէրը։ Գէորգ սիրահարուեցաւ Հելէն Տումանեանի հետ եւ ամուսնացան 1963ին։ Նոյն տարին, Գէորգ եւ Հելէն ներգաղթեցին Միացեալ Նահանգներ, Ուսթըր, Մեսեչուսեց։ Հոն կազմեցին ընտանիք, բախտաւորուեցան երկու դուստրերով՝ Անի եւ Թամար։ Կարճ ժամանակ վերջ, 1967ին, Գէորգ եւ իր ընտանիքը հաստատուեցան Սան Ֆրանսիսքոյի ծովածոցի շրջանը, համակրելի գտնելով անոր միջավայրը։ Ան ընտանիքին եւ բարեկամներու մէջ առաջնորդ մըն էր եւ Սան Ֆրանսիսքօ հայ գաղութին մշակութային կեանքին աշխուժօրէն մասնակցեցաւ։ 1974ին, ան եղաւ հիմնադիրներէն մէկը Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին։
Գէորգ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. առաքելական եկեղեցիի դպրաց դասը խմբավարեց տասնեակ տարիներով եւ 1970ին, իր մտերիմ բարեկամ Զարեհ Մսըրլեանի հետ հիմնեց «Հայ Ռատիօ Ժամ»ը ծրագիրը, հայ երաժշտութիւնը ներկայացնելով հանրութեան։ Նոյն ժամանակ, ան կազմեց երգչախումբ մը, հայ գաղութին մէջ ելոյթներ ունենալով զանազան առիթներով։ 1984ին հրապարակեց ձայնապնակ մը հայկական երգերու՝ «Հոգին Հայկական», մասնակցութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի փողային նուագախումբին։ Նոյնպէս, 1988ին, Համազգայինի հովանաւորութեամբ հրատարակուեցաւ անոր այլ ձայներիզ մը, մասնակցութեամբ «Հերոս» նուագախումբին։
Յարգուած եւ կատարեալ լուսանկարիչի մըն էր ան, որուն գործերը ցուցադրուած էին «Մեծն Ծովածոցի Շրջանի Արհեստավարժ Լուսանկարիչներ» պարբերականին մէջ, երեք անգամ։ Իր գերազանց լուսանկարները՝ յայտնի հայերու եւ մասնաւորաբար հնադարեան հայկական եկեղեցիներու, կը մնան հարուստ ժառանգը Սան Ֆրանսիսքոյի եւ արտասահմանի հայութեան եւ օտարներուն համար։
Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապէտը Ուիլի Պրաուն Ապրիլ 25 2002ը հռչակած էր «Գէորգ Պուրսալեան օր», գնահատելով անոր ներդրումները։ 2011ին ան արժանացաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երկարամեայ գործունէութեան պարգեւին, որովհետեւ ան իր սիրած եկեղեցին դարձուցած էր իր երկրորդ տունը։
Գաղութի ապագայ սերունդները պիտի զգան Գէորգին ձգած աւանդը, իսկ ան ներշնչումի աղբիւր մը պիտի մնայ իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն համար։
Թարգմանեց՝
Ստեփան Փէհլիվանեան