
Ուրբաթ, 17 Յունիսին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռի գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի բարձր օրհնութեամբ, եւ ձեռամբ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայող թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Խաչիկ Երէցեան պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանով՝ առ ի գնահատանք ծխական կեանքին մէջ իր ունեցած առաւել քան 40ամեայ ծառայութեան:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի սեղանի օրհութեամբ, որմէ ետք հանդիսավար Մարտիկ Քէօշկէրեան ամփոփ կերպով ներկայացուց եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ Խաչիկ Երէցեանի ազգանուէր գործունէութիւնը: Իսկ շրջանի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Քամարեան իր շնորհաւորական խօսքը փոխանցեց՝ վեր առնելով Խաչիկ Երէցեանի կուսակցական կերպարը:
Հրաւիրեալներու շարքին էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 46րդ տարածքաշրջանի ներկայացուցիչ Ատրին Նազարեան, որ խօսք առնելով՝ շնորհաւորեց Խաչիկը եւ համայն Երէցեան ընտանիքը՝ գաղութին մէջ իր ունեցած երկար տարիներու վաստակաշատ ծառայութեան համար, ապա Քալիֆորնիոյ նահանգին կողմէ անոր փոխանցեց ճանաչման գնահատագիր մը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան: Նախքան շքանշանի տուչութիւնը, Եփրեմ արք. Թապագեան ընթերցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կոնդակը, որմէ ետք առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ Խաչիկ Երէցեան պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանով:
Շքանշանի տուչութենէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը իր շնորհաւորանքները փոխանցեց, կանաչ եւ առողջ օրեր մաղթելով Խաչիկին եւ համայն Երէցեան ընտանիքին: Ապա ան ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ այս յիշատակելի օրուան առիթով, տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Մարիամ Երէցեանները 50,000 տոլար կը նուիրեն եկեղեցւոյ կից նոր գնուած համալիրի ֆոնտին: Իսկ Եփրեմ արք. Թապագեան՝ իբրեւ ընտանիքի հարազատ եւ երկար տարիներու գործակից, Խաչիկին հետ ունեցած իր քաղցր յուշերը փոխանցեց ներկաներուն:
Այս ուրախ առիթով, Խաչիկ Երէցեան որդիական ջերմ զգացումներով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռի գահակալ Արամ Ա. վեհափառին, որ գնահատելով իր ծառայութիւնը արժանի դարձուց զինք «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին, որ վեհափառ հօր մօտ խնդրամատոյց եղաւ եւ կատարեց շքանշանի տուչութիւնը, թեմիս Կրօնական ժողովին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երէց միաբան Եփրեմ արք. Թապագեանին, Ազգային վարչութեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, շրջանիս ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէներուն, եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան:
Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ նաեւ իր կնոջ եւ զաւակներուն, որոնց նախաձեռնութեամբ է, որ այս հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ եւ առիթը տրուեցաւ հարազատներուն եւ ընկերներուն բաժնեկից դառնալու այս յիշատակելի երեկոյին, որ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ իր ունեցած ծառայութեան պսակումն է:
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, ներկաները վայելեցին գեղարուեստական յայտագիրը եւ մտերմիկ ու շնորհաւորական մթնոլորտի մը մէջ յիշատակելի ժամանց ունեցան: