ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական այցելութեամբ Աթէնք գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ զինադադարէն առաւել քան մէկուկէս տարի ետք, Ատրպէյճան կը շարունակէ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ սադրիչ գործողութիւնները: Ան այս հարցին անդրադարձաւ իր յոյն պաշտօնակիցին՝ Նիքոս Տենտիասի, հետ միացեալ ասուլիսին ընթացքին:
Ան շեշտեց, թէ ռազմատենչ, առաւելապաշտական հռետորաբանութիւնը ատրպէյճանական ղեկավարութեան ամէնօրեայ խօսակցութեան անբաժանելի մասը դարձած է:
Միրզոյեան նշեց, որ՝ խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ գերութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքացիներ, իսկ հարիւրաւոր անյայտ կորսուածներու, որոնց կարգին՝ տասնեակներով բռնի անհետացածներու ճակատագիրները կը մնան չբացայայտուած:
Միրզոյեան կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներուն՝ նպաստելու եւ պնդելու, որ Պաքու վերադարձնէ հայ գերիները:
«Մենք իսկապէս ձգտում ենք կառուցել խաղաղ, անվտանգ եւ կայուն Հարաւային Կովկաս եւ յոյսով ենք, որ մեր հարեւանը կը դադարեցնի իր առաւելապաշտական նկրտումները եւ աւելի կառուցողական դիրքորոշում կը ցուցաբերի բոլոր հարցերում», նշեց Միրզոյեան:
Ան Յունաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ երկրի վարչապետին ու նախագահին հետ: Զրոյցներուն առանցքը հանդիսացան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները: