Թուրքիա չի միանար այն պատժամիջոցներուն, զորս Արեւմուտքը սահմանած է Ռուսիոյ դէմ ուքրանական տագնապին պատճառով, «Հապերթիւք» կայանէն ընդունեց Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն։
«Մենք հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն կը վարենք Ռուսիոյ նկատմամբ, նկատի ունենալով մեր շահերը։ Եթէ բոլորը քանդեն կամուրջները, ո՞վ պիտի խօսի Ռուսիոյ հետ։ Ռուսիոյ հետ մեր տնտեսական յարաբերութիւններն այնպիսի բնոյթ ունին, որ պատժամիջոցներ կիրառելով աւելի շատ վնաս պիտի կրէ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, քան՝ Ռուսիոյ», ըսաւ Քալըն։