Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին ընդունեց, որ երկիրը նախապէս դիմագրաւած ճգնաժամերէն տարբեր աստիճանի վնասներ կրած է եւ ներկայիս աւելի լուրջ ճգնաժամ կը դիմագրաւէ։
«Այսօր մեր ժողովուրդը կը բախի բարձր սղաճի տագնապին։ Մենք այս իրականութիւնը չենք հերքեր, այս մէկը փաստ է։ Սակայն եկէք ընդունինք, որ այս ճգնաժամերը նաեւ խորապէս կ՛ազդեն ամբողջ աշխարհի տնտեսութեան վրայ», ըսաւ Չաւուշօղլու։
Ան երկրի ընդդիմութիւնը մեղադրեց տնտեսական ճգնաժամը օգտագործելով՝ ժողովուրդի շրջանակին մէջ դժգոհութեան ալիք բարձրացնելու յանցանքով։
Մայիսին Թուրքիոյ մէջ սղաճը բարձրացած էր 73.5 տոկոսով, իսկ 2022ին լիրան արժեզրկուած է մօտաւորապէս 20 տոկոսով՝ անցեալ տարուան 40 տոկոս արժեզրկումէն ետք։