ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 1 Յուլիսին, Վիեննայի մէջ: Այս մասին «Թուիթեր»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան:
Այս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի չորրորդ հանդիպումն է: Նախորդ հանդիպումը նոյնպէս Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ, 3 Մայիսին,. կողմերը վերահաստատեցին այս գործընթացին միջոցով ամբողջական կարգաւորման հասնելու նպատակը: