Հայ ժողովուրդի զանգուածային եւ կազմակերպուած ներկայութիւնը իր պատմական հայրենիքէն դուրս քսաներորդ դարու երեւոյթ չէ։ Ինչպէս Ռազմիկ Փանոսեան իր The Armenians from Kings and Priests to Merchants and Commissars գրքին մէջ կը հաստատէ, հայութեան ազգային ինքնութեան կազմաւորումը յատկանշուած է «բազմատեղեան» -multilocal – մեկնաբանութիւններով, որոնք սակայն ենթակայական ազդակի ներգործումով ստեղծած են մէկ հաւաքականութեան պատկանելու եւ մէկ ճակատագրի պատկանելու գիտակցութիւնը։ Հայութեան հաւաքական ինքնութեան ժամանակի ու տարածքի պայմանաւորումներէն վեր կազմաւորման այս հոլովոյթը ինքնին իւրայատուկ է պատմութեան մէջ, եւ, առ այդ, հաւաքական ինքնութիւններու կազմաւորման տեսաբաններու քննարկման յատուկ ներշնչում կրնայ ըլլալ։
Հայութեան համար հաւաքական ինքնութեան պատմական կազմաւորման այս իւրայատկութիւնը անկասկած մշակութային հարստութեան ենթահող է եւ, թերեւս, պատմութեան աղէտներու վերապրումի գլխաւոր ազդակներէն մէկը։
Հայութեան հաւաքական ինքնութեան կազմաւորման պատմական ժամանակաշրջաններուն կարգին Սփիւռքի հանգրուանը, սակայն, կը տարբերի անցեալի հոլովոյթներէն։ Ճիշդ է, Սփիւռքի կազմաւորումը իր կարգին կը յատկաշուի «բազմատեղեան» բնոյթով եւ ենթակայականութեան ազդակով, սակայն երկու ազդակներուն ենթահողը կը կազմեն երկու իրարու առնչակից պատմական իրադարձութիւններ։ Անոնցմէ առաջինը 19րդ դարու Ազգային զարթօնքն է, որուն անմիջական արդիւնքով հայութեան հաւաքական ինքնութիւնը բանաձեւուեցաւ «ազգ» յղացքի արդիական հասկացողութեամբ եւ, հետեւաբար, սերտօրէն անջատուելով կրօնական հասկացողութենէն՝ տեղադրուեցաւ աշխարհիկ (սեքիւլըր) ըմբռնումի ոլորտին մէջ եւ կապուեցաւ հայրենիքին ու, վերջին հաշուով, ազգային անկախ պետականութեան որպէս հաւաքական վերապրումի վերջնական գրաւական։
Երկրորդը, անշուշտ, 1915-1923 Հայոց Ցեղասպանութիւնն է, հայ ժողովուրդի պատմութեան աղէտներուն մէջ միակը, որ գլխագիրով կը գրուի որպէս Աղէտ, առանց որուն հայութեան հայրենի հողէն դուրս հաւաքական եւ կազմակերպուած ներկայութիւնը հազիւ թէ «Սփիւռք» յղացքով ինքնաճանաչում ունենար։
Թէ որքանով արդիականութեան հիմնական ենթադրեալներէն մէկը, այն, որ ազգային ինքնութիւնն ու հայրենի հողը, այլեւ ազգային պետականութիւնը, իրարմով պայմանաւորուած են որպէս հաւաքական վերապրումի ու զարգացման երաշխիք, բանավէճի նիւթ է։ Ի վերջոյ, Սփիւռքը վերապրեցաւ եւ իր իւրայատուկ ինքնութիւնը կերտեց քսաներորդ դարուն, իբրեւ պետականազուրկ հաւաքականութիւն։ Եւ եթէ Ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի խորհրդայնացման յաջորդած առաջին երկու տասնամեակներուն աշխարհագրականօրէն իրարմէ այնքան հեռու համայնքներ հաղորդակցութեան միջոցներու գրեթէ բացակայութեան կրցան իրենց բնակած միջավայրերու մշակութային բոլոր տարբերութիւններէն վեր ստեղծել ինքնութեան գիտակցութիւն, որ վերապրեցաւ ամբողջ չորս սերունդ, ապա եւ անկախ հայրենիքի եւ համաշխարհայնացման պայմաններու ընձեռած հաղորդակցութեան միջոցներու առկայութեամբ Սփիւռքի վերապրումը ոչ միայն կարելի է այլեւ, այնքան ատեն, որ վերոյիշեալ ենթակայականութեան ազդակը գոյատեւէ, գրեթէ անխուսափելիօրէն պիտի գտնէ զարգացման իւրայատուկ ուղի։
Այս իրողութիւնը սակայն պէտք չէ անտեսէ պետականութեան ազդակի կարեւորութիւնը սփիւռքեան զարգացման հունին վրայ։ Աւելի՛ն, անկախութեան անցնող տասնհինգ տարիները աւելի բացայայտ դարձուցին պետականութեան ազդակի թէ՛ դրական, եւ թէ ժխտական անդրադարձը Սփիւռքի զարգացման գործընթացին վրայ։ Ի դէպ, առնուազն իրաւականօրէն, այնքան ատեն, որ երկքաղաքացիութեան օրէնք չկայ Հայաստանի մէջ, սփիւռքեան իրավիճակը որպէս պետականութենէ զուրկ ազգային հաւաքականութիւն կը շարունակուի։ Ճիշդ է, Սփիւռքի ինքնաճանաչման եւ ազգային ինքնութեան սահմանումի գործընթացը, անկախ խորհրդային վարչակարգի նկատմամբ գաղափարախօսական հակումներէն, զօրաւոր կերպով արմատաւորուեցաւ հայրենադարձութեան, հայահաւաքի, պատումին մէջ։ Հայրենադարձութեան յոյսն է, որ վառ պահեց Սփիւռքի մէջ հայապահպանման աշխատանքներու խանդավառութիւնը, եւ եթէ Բ. Համաշխարհային պատերազմին յաջորդած ներգաղթը չունենար այն ողբերգական բնոյթը, որ ունեցաւ ստալինեան բռնատիրութեան ներքոյ, կարելի է մինչեւ իսկ ենթադրել, որ Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւնները կրնային յաջորդ տասնամեակներուն կազմակերպել ներգաղթի հետեւողական ալիքներ եւ իրականութիւն դարձնել հայրենադարձութիւնը։ Շատ հաւանաբար ներգաղթի փորձառութեան ողբերգութիւնը կարեւոր ազդակ եղաւ Սփիւռքի առնուազն մէկ կարեւոր հատուածի համար՝ հայրենադարձութեան յոյսը կապել անկախութեան հետ եւ մեծ սպասումներ ունենալ հայրենի անկախ պետականութենէն։
Այդ յոյսը, ինչպէս անկախութեան առաջին տասնհինգ տարիները ցոյց տուին, պարզապէս պատրանք էր։ Անկախացման հոլովոյթը, որուն ներհակ էր ազատ-շուկայական համակարգի անցումը եւ անոր գործնական երեսը՝ սեփականաշնորհումներու գործընթացը, բացառեց Սփիւռքի հայրենադարձութեան քաղաքական որոշումը։ Եւ մինչ 1998էն ետք հայրենադարձութեան արգելքները, որոնք Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրերուն արուեստականօրէն ստեղծուեցան, վերացած են, բացառութեամբ երկքաղաքացիութեան օրէնքին որ, ինչպէս ծանօթ է, տակաւին այնքան տարակարծութիւններու ենթակայ կը մնայ, դեռեւս չկայ հայրենադարձութեան քաղաքական ծրագիր։ Շատ հաւանաբար այլեւս ուշ ըլլայ նման ծրագրի մը համար, որովհետեւ Սփիւռքի մէջ 1988-1991 տարիներու խանդավառութիւնը արդէն մարելու սկսած է, սակայն այդ չի նշանակեր, որ հայրենադարձութեան իրաւական եւ իրողական մեքանիզմներու ստեղծումը իր կարեւորութիւնը կորսնցուցած ըլլայ։ Ընդհակառա՛կը, նման մեքանիզմներու ստեղծումը հրամայական է երկու իմաստով։ Նախ, փրկութեան հասնելու համար Սփիւռքի մէջ վտանգուած որեւէ համայնքի, ինչպէս է պարագան Իրաքի, 2003էն ի վեր, ապա եւ ապահովելու համար Սփիւռքի գործօն մասնակցութիւնը հայրենի հոլովոյթին, տնտեսական ու ընկերային զարգացումէն մինչեւ հայրենիքի պաշտպանութիւն, երբ անհրաժեշտութիւնը ստեղծուի։
Հայրենադարձութեան մեքանիզմներու ստեղծման մէջ Սփիւռքի դերը նուազագոյնն է։ Որոշումը կը պատկանի հայրենի քաղաքական այրերուն եւ հայրենի հասարակութեան։ Եթէ այդ մեքանիզմները ստեղծուին, Սփիւռքը ստիպուած պիտի ըլլայ մտածել անոնց մասին, դիրք ճշդել եւ իր զարգացման հոլովոյթին մէջ ներառել հայրենադարձութեան կարելիութիւնը։ Նման կացութեան յստակ օրինակն է երկքաղաքացիութեան հարցը։ Օրէնքի որդեգրումը Ազգային ժողովի որոշում է, անոր վաւերացումը՝ գործադիր իշխանութեան, անձնապէս հանրապետութեան նախագահին, սակայն անգամ մը, որ օրէնքը անցնի, Սփիւռքի հայը ի՛նք պիտի որոշէ Հայաստանի քաղաքացի դառնա՞լ, թէ ոչ, որպէս լիիրաւ քաղաքացի հայրենիք վերադառնա՞լ, թէ ոչ։ Նոյնն է պարագան հայրենադարձութիւնը դիւրացնող այլ մեքանիզմներու։ Ենթադրենք, որ հայրենի պետութիւնը նախատեսէ կառոյցներ, որոնք կրնան տագնապի մէջ գտնուող որեւէ սփիւռքեան համայնքի անդամներ ընդունիլ եւ ապահովել անոնց գոյատեւումի պայմանները։ Նման կացութիւններ ստեղծուած են արդէն ինչպէս նշուեցաւ Իրաքի եւ, անցեալ տարի, Լիբանանի համայնքներու զոյգ պարագաներուն։ Այդուհանդերձ, պարզ է, որ տագնապի մէջ գտնուող սփիւռքեան տուեալ համայնքի մը անդամները իրենք է, որ պիտի որոշեն հեռանա՞լ, թէ ոչ, եւ հեռանալու պարագային՝ հայրենիք վերդառնա՞լ, թէ այլուր երթալ։
Սփիւռքի զարգացման հոլովոյթը, սակայն, հայրենադարձութեան մեքանիզմներու ստեղծման հետ կապուած չէ։ Այս գիտակցութեան ամրապնդումը Սփիւռքի զարգացման թերեւս ամէնէն հիմնական նորութիւնն է՝ բաղդատած անցեալին, երբ պետականազուրկ Սփիւռքի ինքնութիւնը կը կազմաւորուէր «ձուլում»ի, «ճերմակ ջարդ»ի ուրուականներով եւ հայրենադարձութեան պատումով։ Անցնող տասնհինգ տարիներուն հաստատագրուեցաւ Սփիւռքի զարգացման իւրայատուկ ուղի մը, որ ունի իրեն յատուկ մշակութային եւ քաղաքական օրակարգը։
Մշակութային ոլորտը կը յատկանշուի սփիւռքեան գոյավիճակի կեդրոնութեամբ արուեստի տարբեր մարզերու մէջ արձանագրուած ստեղծագործական բեղուն գործունէութեամբ։ Սփիւռքի պատմութեան մէջ, անշուշտ, արձանագրուած են ստեղծագործական բեղուն գործունէութեամբ յատկանշուած ժամանակաշրջաններ, ինչպիսին են, օրինակի համար, ֆրանսահայ գրականութիւնը 1930-50ական թուականներուն, կամ Լիբանանի մէջ թատրոնի ծաղկումը։ Սակայն անցնող տասնհինգ տարիներու սփիւռքեան մշակութային ծաղկումը յատկանշուեցաւ անով, որ արդէն նուաճեց համամարդկային նշանակութեան մակարդակը, որուն խօսուն փաստն է այդ ստեղծագործութեան ընկալման ոչ-հայ հասարակութեան մը գոյութիւնն ու բազմացումը։ Այլ խօսքով, ի տարբերութիւն անցեալին, սփիւռքեան գոյավիճակը այլեւս ընկալելի է որպէս մարդկային գոյավիճակ ոչ միայն Սփիւռքի հայուն։ Եւ ի՞նչ է այս նուաճումը եթէ ոչ արուեստի նոր մակարդակի նուաճում։ Անշուշտ, Սփիւռքի մշակութային օրակարգի մեծագոյն մարտահրաւէրը կը մնայ լեզուն, արեւմտահայերէնը, որուն պահպանման ու զարգացման ճիգը պէ՛տք է տակաւին իր նիւթական ենթահողը ամրապնդէ – հաստատութիւններ, որոնք գործնական յանձնառութիւն վերցնեն այդ ուղղութեամբ, դրամագլուխ, որ յատկացուի բացառապէս այդ նպատակին, հասարակութիւն, որ ճիգ չխնայէ իր արտայայտելու միջոցը, թէկուզ եւ սահմանափակ շրջապատի մը համար արեւմտահայերէն ընելու, որպէսզի արեւմտահայերէն լեզուի, գրականութեան ու մշակութային ժառանգին յանձնառու ռահվիրաներու անձնական ճիգը իսկապէս արդիւնաւորուի։
Ինչ կը վերաբերի քաղաքական օրակարգին, ապա եւ հոն կեդրոնական է Ցեղասպանութեան ճանաչման ու արդարահատոյցի ի խնդիր մղուող պայքարն ու անոր միջազգայնացումը 1965էն ի վեր։ Խորքին մէջ, Սփիւռքի ինքնութեան պայքարի հիմնաքարն իսկ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդարահատոյցն է, երկու նախանձախնդրութիւններ, որոնք իրարու հետ շաղկապուած են։ Արդարացիօրէն յաճախ կը յիշեցուի, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը անիմաստ է առանց անոր տրամաբանական հետեւումին՝ արդարահատոյցը, որուն ներհակ է հողային պահանջի գործօնը։ Այս վերջինը, իր կարգին, կրկին օրակարգի վրայ կը բերէ հայրենադարձութեան հեռանկարը, այս անգամ պատմական հայրենիքի տարածքին, ինչ որ եթէ իրականանայ, Սփիւռքի գոյութիւնը անհեթեթ կը դարձնէ։
Աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակէն մեկնած նման հեռանկար անիրապաշտ կը թուի, եւ, բնականաբար, հասկնալի է հայ անկախ պետականութեան տրամաբանութիւնը, որ ընդհանրապէս կը խուսափի հողային պահանջը քաղաքական օրակարգի վրայ բերելէ։ Ի վերջոյ, միջազգային քաղաքականութիւնը պետական շահերու մրցակցութեան ու բախումի ոլորտն է, ի մասնաւորի երբ հարցը կը վերաբերի աշխարհագրական սահմաններու, եւ պետականազուրկ հաւաքականութիւն մը միայն բացառիկ պարագաներու (միակ բացառիկ պարագան, բնականաբար, Իսրայէլի ստեղծումն է Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք) կրնայ դերակատար ըլլալ։ Հետեւաբար, հողային պահանջի հեռանկարը, ինչպէս ոմանք դիտել կու տան, կրնայ նոր իւթոփիա մը ըլլալ սփիւռքեան գոյավիճակը շարունակելու համար։
Թրքական պետութիւնն ու անոր պաշտպանները չեն վարանիր այդ մէկը սահմանելու որպէս «ազգայնամոլութիւն»։
Բայց սխալ է ճանաչում-արդարահատոյց միասնութեան տալ հողային պահանջատիրութեան կամ հայրենադարձութեան հեռանկարի մեկնաբանութիւն, որովհետեւ ինքնախաբէութիւն է մտածել, որ թրքական պետութիւնը պատրաստ է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ, եթէ հայութիւնը այդ ճանաչումը անջատէ հողային պահանջատիրութենէն։ Այնպէս, ինչպէս հայութեան համար ընդհանրապէս եւ Սփիւռքի համար մասնաւորապէս ճանաչումն ու արդարահատոյցը գոյութենականօրէն կապուած է իր ինքնութեան հետ, թրքական պետութեան համար ալ Ցեղասպանութեան ճանաչման արարքը կապուած է պետական ինքնութեան հետ նոյնքան՝ որքան երկրի հողային ամբողջականութեան պահպանումը։ Անգարա շատ լաւ գիտէ, որ անկարելի է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ առանց արդարահատոյցի հարցը ինքնաբերաբար հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ դնելու։ Այս իմաստով, Սփիւռքին քաղաքական օրակարգը պիտի շարունակէ պնդել ճանաչում-արդարահատոյց միասնութեան վրայ, եւ անոր սկզբունքով է, որ պիտի (պէտք է) առաջնորդուին բոլոր նախաձեռնութիւնները, ներառեալ հայ-թրքական երկխօսութեան ոչ-պետական բոլոր ֆորումները։
Հասկնալի է, որ Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը, մեկնած պետական տրամաբանութենէն, զգուշանայ հողային պահանջատիրութեան հարցը օրակարգի նիւթ դարձնելէ։ Բայց սխալ է Թուրքիոյ հետ պաշտօնական յարաբերութիւններու հաստատումը հրապարակային կերպով ցանկալի յայտարարել, պատրաստակամութիւն յայտնելով երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին մէջ անտեսել Ցեղասպանութեան հարցը, անոր ճանաչումն ու արդարահատոյցը։ Եթէ Սփիւռքը պիտի հասկնայ, որ ի վերջոյ դիւանագիտութիւնն է, որ պարտի լուծում մը գտնել երկու երկիրներու ու ժողովուրդներու յարաբերութիւններու բնականոնացման խոչընդոտող այս հիմնահարցին, քաջ գիտակցելով, որ դիւանագիտութիւնը անխուսափելիօրէն փոխ-զիջումային պատրաստակամութիւն կÿենթադրէ, հայրենի անկախ պետականութիւնը ականջալուր պէտք է ըլլայ Սփիւռքի, եւ ընդհանրապէս հայութեան, ինքնութեան գոյութենական իմաստին համար այնքան կենսական այս պահանջը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ճշդման հոլովոյթին մէջ ներառելու հրամայականին։