ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Փոքրամասնական համայնքներու պատկանող հիմնարկներու վարչութիւնները ճշդելու համար գործադրուելիք նոր կանոնագիրը 18 Յունիսին պետութեան պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուելով՝ գործադրութեան դրուած էր: Հիմնարկները թէեւ ուրախութեամբ դիմաւորեցին այդ ընթացքը, բայց ներկայացուած կանոնագիրը չէ դիմագրաւած հասարակութեան ակնկալութիւնները:
Ընտրատարածքներու բաժանումը եւ հիւանդանոցներու հոգաբարձութեան ընտրութիւններուն 2023ի տարեվերջին յետաձգումը դժգոհութեան կարեւոր կէտերն են:
Հայ համայնքային վարիչները մտադիր են քննարկումներէ ետք առարկութիւն ներկայացնելու:
Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Ամիտայի (Տիգրանակերտ) պատգամաւոր Կարօ Փայլան կը յայտնէ, թէ ներկայացուած կանոնագիրը պարտադրանք մըն է, որ պէտք է մերժուի:
Փայլան «Ակօս»ին տուած յայտարարութեամբ նշեց, թէ կանոնագիրը պահանջները նկատի ունենալով չէ պատրաստուած եւ այդ իսկ պատճառաւ անպատեհութիւններ պիտի բերէ: «Սոյն կանոնագիրը պարտադրանք մըն է եւ անտեսած է փոքրամասնութիւններու պահանջները: այդ առումով ալ պէտք է մերժուի: Սակայն, ինն տարիէ աւելի է, որ առկախուած ընտրութիւնները թէկուզ ներկայ հակաժողովրդավարական պայմաններուն մէջ իրականացնելու առիթը բնականաբար գոհունակութիւն պատճառած է: Սակայն պէտք է առարկել այս պարտադրանքը, որպէսզի երկրի իշխանափոխութեան երթալու պարագային համայնքներու դժգոհութիւնը արձանագրուած ըլլայ»:
Ընտրութիւնները կարգաւորող նախորդ կանոնագիրը 2013ին աւելի լաւը պատրաստելու պատրուակով չեղեալ համարուած էր: Կարօ Փայլան կը նշէ, թէ փոքրամասնութիւններու հիմնական պահանջը աւելի արդար ընտրութիւններ կատարելն էր: Արդարեւ, նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին օրինական զանցառութիւններ նկատուած էին: Այս մասին հարցագիրով մը Թուրքիոյ խորհրդարանին դիմող Կարօ Փայլանի համաձայն, հիւանդանոցներու հոգաբարձութեան ընտրութիւնները յաջորդ տարուան յետաձգելը գայթակղութեան բնոյթ ունի:
«Որեւէ հիմնարկ այս նոր կանոնագրութեամբ ալ կրնայ ապօրէն ընտրութիւն կատարել: Ընտրութիւնը բոլորովին յանձնուած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան: Ուրեմն, որեւէ հիմնարկի վարչութիւն ընդհանուր տնօրէնութեան հետ համաձայնելով՝ կրնայ իր ընտրութեան կարգադիր յանձնախումբը ճշդել, ընտրացանկերը եւ ընտրութեան տարածքը իրեն ձեռնտու կերպով դասաւորել: Այս երեւոյթը արգելք է ժողովրդավարական, արդար եւ թափանցիկ ընտրութեան: Մինչ այդ հիւանդանոցի ընտրութիւններուն տարանջատումը կատարեալ գայթակղութիւն մըն է: Վերջապէս, համայնք կոչուածը պատրիարքարանով, եկեղեցիներով, հիւանդանոցներով եւ դպրոցներով ամբողջութիւն մըն է: Տուեալ համայքնի կարիքները գոհացնելու համար հիմնուած հաստատութիւններէն մէկն ալ հիւանդանոցն է: Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութիւնը ամբողջէն տարանջատելը լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ, մանաւանդ, որ «Սուրբ Փրկիչ» հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը ինքզինք համայնքի աշխարհիկ առաջնորդը ըլլալով կը ներկայացնէ: Հետեւաբար, ընտրութենէ զերծ մնացած մէկու մը համայնքի առաջնորդ համարուիլը անընդունելի երեւոյթ մըն է: Այս բոլորին պատճառաւ պէտք է առարկել այս կանոնագիրը: Անշուշտ, որ կարեւոր է ընտրութիւններուն իրականացումը, բայց ապա աւելի լուրջ հարցերու հետ դէմ յանդիաման պիտի մնանք: Վերջապէս, «Սուրբ Փրկիչ» հիւանդանոցին երկրի առողջապահական նախարարութեան կցուելուն դէմ ամբողջ համայնքը պէտք է բողոք բարձրացնէ: Ես թէեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխան մըն եմ, բայց կը խորհիմ, թէ այս տեսակի առարկութիւնները պէտք է ուղղակի համայնքէն բարձրանայ: Ըստ իս՝ կարելի է թէ՛ ընտրութիւնները կատարել եւ թէ այս կանոնագիրին դէմ իրաւական գետնի վրայ պայքարիլ: Այս պայքարի առաջնորդը պէտք է նոյն ինքն հիմնարկները ըլլան, նոյն ինքն հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը: Մեր աւանդութիւններուն հակասող պատրիարքական ընտրութիւն մը կատարեցինք եւ այժմ նոյն մտահոգութիւններով նոր սխալ մը գործելու, այսինքն՝ պարտադրուածը իւրացնելու վտանգի մը հետ դէմ յանդիման ենք»:
Երեսփոխան Կարօ Փայլան նաեւ նշեց, թէ սոյն կանոնագիրի պատրաստութեան մէջ ներքին գործոց նախարարութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է: Բոլորովին անիմաստ է այս երեւոյթը, որովհետեւ ազգային կամ կրօնական փոքրամասնութիւնները երկրի ապահովութեան վերաբերեալ հարց չեն համարուիր: «Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ենթակայ է մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան: Սակայն կանոնագիրի պատրաստութեան մէջ այդ նախարարութեան ազդեցութիւնը չէ եղած: Սոյն պարտադրանքը կը հակասէ նաեւ միջազգային համաձանութիւններու», ըսաւ Կարօ Փայլան:
«ԱԿՕՍ»