
Երկուշաբթի, 4 եւ Երեքշաբթի, 5 Յուլիս 2022ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին եւ «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր ժողովը:
Վեհափառին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու մասնակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անցնող քանի մը տարիներուն Կիլիկեան ուխտի միաբանութենէն առյաւէտ հեռացած վախճանեալ միաբաններու հոգիներուն համար:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Տէրունական աղօթքով սկիզբ առաւ Միաբանական Ընդհանուր -ողովի բացման նիստը: Միաբանական Ընդհանուր ժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Շահան արք. Սարգիսեանի բացատրական խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ ժամանակաւոր եւ մնայուն դիւաններու ընտրութիւնը, օրինականացնելու ժողովական ընթացքը: Ժամանակաւոր դիւանն էր՝ միաբանութեան երիցագոյն եւ կրտսերագոյն անդամները՝ Սուրէն արք. Գաթարոյեան եւ Ազատ աբղ. Ֆիլիքեան, իսկ մնայուն դիւանը՝ համաատենապետներ Օշական արք. Չօլոյեան եւ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, ատենադպիրներ՝ Պօղոս Ծ. վրդ. Թինքճեան եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան: Ժողովը նաեւ ընտրեց Բանաձեւի յանձնախումբը՝ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան, Ստեփանոս Ծ. վրդ. Փաշայեան եւ Շնորհք Ծ. վրդ. Աշըգեան: Հուսկ, վեհափառը փոխանցեց իր հայրական խօսքը եւ պատգամը:
Կաթողիկոսը իր հայրական սէրը եւ օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք, միաբան հայրերուն՝ շեշտեց, որ Միաբանական Ընդհանուր ժողովի նպատակն է՝ իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթղիկոսութեան ուխտեալ միաբաններ, միասնաբար քննել, անդրադառնալ եւ բարձրաձայն մտածել ու լուծումներու մասին խորհիլ ներկայ ժամանակներուն եկեղեցւոյ, եկեղեցականի ու մեր ժողովուրդի կեանքը յուզող հարցերու եւ մարտահրաւէրներու մասին: Հայրապետը անդրադարձաւ միաբանութեան անդամներուն վարքագիծերուն եւ նոր օրերու պայմաններու հարցերը լուսարձակի տակ բերաւ՝ յորդորելով յատկապէս նոր սերունդի միաբանները՝ պահպանելու Կիլիկեան միաբանի աւանդական կեցուածքները եւ ըմբռնումները՝ հոգեւորական ասպարէզին նկատմամբ: Վերջապէս, միաբան հայրերու միջեւ սիրոյ ու եղբայրութեան զգացումներու ամրապնդման կարեւորութիւնը շեշտեց կաթողիկոսը:
Հայրապետին խօսքէն ետք, երկրորդ նիստին, Շահան արք. Սարգիսեան ընթերցեց Տնօրէն ժողովի զեկոյցը, որմէ ետք Նարեկ արք. Ալեէմէզեան ընթերցեց կանոնագրութեան զեկոյցը: Ապա կատարուեցաւ Տնօրէն ժողովի նոր անդամներու ընտրութիւնը. անոնք կը բաղկանային հետեւեալ միաբաններէն՝ Մակար եպս. Աշգարեան, Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան, Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան եւ Զաւէն վրդ. Նաճարեան:
Ժողովը յաջորդական եօթը նիստերու ընթացքին գլխաւոր չորս դասախօսութիւններու, զեկոյցներու եւ քննարկումներու ընդմէջէն մտասեւեռումի նիւթ դարձուց հետեւեալ թեմաները.- ա) «Միաբանութիւն եւ Առաքելութիւն» Վարուժան արք. Հերկելեան եւ Անուշաւան արք. Դանիէլեան). բ) «Դպրեվանքի Առաքելութեան Վերարժեւորում» (Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան). գ) «Միջ-եկեղեցական եւ միջ-Կրօնական» (Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Հրանդ Ծ. վրդ. Թահանեան). դ) «Գործակցութիւն Նուիրապետական Աթոռներու Հետ» (Շահէ արք. Փանոսեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան):
Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք, միաբան հայրերը չորս խումբերու բաժնուելով՝ տուեալ նիւթին շուրջ քննարկումներ կատարեցին եւ միաբանութեան առաքելութիւնը առաւել եւս կենսագործելու նպատակադրող առաջարկներ կատարեցին, ապա նիստերու աւարտին բանաձեւի յանձնախումբը ժողովին ներկայացուց միաբանութեան ծառայական առաքելութեան յառաջիկայ շրջանի ուղեցոյցը, որուն մէջ յստակօրէն պարզուած էր վեհափառին կատարած ցուցմունքները եւ թելադրանքները:
Երկօրեայ դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոսը փոխանցեց իր հայրական եզրափակիչ խօսքը: Ան լուսարձակի տակ առնելով մեր Ս. աթոռին առաքելութեան յատկանշական բնագաւառները՝ շեշտեց, որ այսօր հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռը կը գտնուի բարձունքի վրայ, սակայն պէտք չէ մեր հասած բարձունքով գոհանանք եւ բաւարարուինք, այլ պէտք է ամէն օր նոր նուաճումներ արձանագրենք: Վեհափառը ընդգծեց, որ հոգեւորականի կեանքին առանցքը կը կազմէ հոգեմտաւոր կազմաւորումը, որպէսզի ան կարենայ քայլ պահել այսօրուան աշխարհին հետ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքները հոգայ՝ միշտ ըլլալով անոնց հետ ու անոնց կողքին:
Իր խօսքի աւարտին, հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց միաբան հայրերուն՝ անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք իրենց եկեղեցական ու ազգային ծառայական կեանքին եւ առաքելութեան մէջ:
Երկօրեայ ժողովը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականի, «Կիլիկիա» օրհներգի եւ «Ի վեհ Բարձանց» Հայրապետական մաղթերգի միաբան հայրերու միաբերան երգեցողութեամբ:
Հուսկ, կաթողիկոսը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ անոր միաբանութիւնը:
Հայրապետին բացման թէ եզրափակիչ հայրական խօսքերը ուղեցոյց հանդիսացան միաբանութեան յառաջիկայ կեանքին ու գործունէութեան: Միաբանական Ընդհանուր ժողովը առիթ հանդիսացաւ Կիլիկեան միաբանական ուխտի վերանորոգման:
Միաբան հայրերուն ժամերգութիւններու եւ Ս. պատարագի հաւաքական մասնակցութիւնը առաւել եւս զօրացուց Կիլիկեան միաբանութեան պատկանելիութիւնը եւ մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռին նկատմամբ իւրաքանչիւր միաբանի հաւատարմութիւնը: Երէց եւ նոր սերունդներու միաբաններու միասնական քննարկումները եւ սրտբաց զրոյցները փոխադարձ սիրոյ ու անկեղծութեան մթնոլորտի մէջ տեղի ունենալով՝ առաւել եւս սերտացուցին անոնց միջեւ եղբայրական կապը:
Նշենք, որ Միաբանական Ընդհանուր ժողովէն վեց միաբան հայրեր բանաւոր բացակայ էին։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ