Անցնող շաբաթավերջին, արժանավայել կերպով նշեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալին՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան 27 ամեակը։ Այս առիթով, Կիրակի, 3 Յուլիսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբան հայրեր Ս. խորանէն ընթերցեցին Աւետարանէն հատուածներ եւ աղօթքներ՝ գոհութիւն ու փառք տալով Աստուծոյ եւ աղերսելով, որ Տէրը հայրապետին առողջ ու ծառայութեամբ բեղուն երկար կեանք պարգեւէ, իսկ հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ անսասանութիւն։
Հայրապետին նախագահութեամբ Ս. պատարագը մատուցեց կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Մակար եպս. Աշգարեան, իսկ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կիլիկիա մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան։ Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի։
Ս. պատարագին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ազգային երեսփոխաններ, բարերարներ, ինչպէս նաեւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան համար Լիբանան ժամանած ուխտաւորներ։
Հայրապետական Մաղթանքին յաջորդեց Շահան սրբազանի քարոզը։ Ան իր քարոզին (Եբր. 6.18-19) ընթացքին անդրադարձաւ, Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոնական դերակատարութեան, յատկապէս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեամբ սկիզբ առած այն նոր ընթացքին, որ նոր հորիզոններու դիմաց բանալով յաղթական երթի առագաստները՝ հայութեան նաւը առաջնորդեց եւ կը շարունակէ նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ՝ դէպի ափունքը խաղաղութեան նորոգուած նաւահանգիստին՝ մէկ ու միասնական հայութեան եւ հայրենիքին:
Ապա, օրուան խորհուրդին եւ տօնին ընդառաջ, սրբազանը հայրը հայրապետին անսակարկ նուիրումի 27 տարիներու «հաւատքի առաքելութիւն»ը յատկանշեց՝ (ա) հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացումով (եկեղեցաշինութիւն, Դպրեվանքի նոր սերունդներու պատրաստութիւն, Միաբանութեան թիւի եռապատկում, քրիստոնէական դաստիարակութեան ծաւալում), (բ) մտաւորական իր փորձառութեամբ մշակութային վերելքով (միաբաններու համալսարանական ուսման ծրագիրի յաջողութիւն, մտաւորականներու համախմբում, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ծրագիրներ, հայագիտական կեդրոնի հաստատում, գիտաժողովներու կազմակերպում, հրատարակչական գործունէութեան ընդարձակում), (գ) համահայկական կարեւորագոյն հարցերուն իր զօրեղ ներկայութեամբ ու գործնական մասնակցութեամբ (Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններուն թէ Սփիւռքի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իրաւունքներու վերատիրացման պահանջատիրութիւն), (դ) բազմաբնոյթ եւ բազմամակարդակ յարաբերութիւններու մշակումով (ներհայկական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական, միջազգային):
Սրբազանը եզրափակելով՝ ըսաւ. «Կիլիկիան Ս. Աթոռը նոր փայլք ու հմայք ստացաւ վեհափառ հայրապետով, որ իր ծառայութեան 27 տարիները լեցուց եւ կը շարունակէ լեցնել մեզ հարստացնող այնպիսի իրագործումներով, զորս Հայրապետական Մաղթանքի առիթով արտասանուած որեւէ խօսքի մէջ կարելի չէ ամփոփել: Վեհափառը ո՛չ միայն մեր պատմութեան եզակի նկատուող անձերէն մէկն է, այլ գլխագիր եզակի վեհափառն է»: Արեւշատ, առողջ ու արգասաբեր երկար տարիներու մաղթանքով քարոզիչ սրբազանը աւարտեց իր խօսքը:
Ս. պատարագին աւարտին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, հայրապետական թափօրով հաւատացեալները ուղղուեցան վեհարանի դահլիճը, ուր «Շնորհալի» երգչախումբը հրամցուց փունջ մը ազգային երգեր։
Հուսկ, հայրապետը խօսք առնելով՝ յատուկ ուրախութեամբ ողջունեց թեմակալ առաջնորդները, միաբան հայրերը, թեմերու ներկայացուցիչները եւ ի մասնաւորի՝ հայկական պատմական երեք կուսակցութիւններու վերին մարմիններու ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ յայտնելով, որ յատկապէս յետ-Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, անոնք Սփիւռքի կազմակերպման, վերակազմակերպման ու ծաղկման, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողքին, առանցքային դերակատարութիւն ունեցան եւ կը շարունակեն իրենց կարեւոր գործունէութիւնը՝ բնականաբար նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մեր բոլորին տունն է, մեր ազգի տունն է։ Այս տան հիմերը բարձրացած են մեր հաւաքական հաւատքին, արժէքներուն, սկզբունքներու եւ իտէալներու վրայ։ Անսասան է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որովհետեւ կը հաւատայ գերագոյն արժէքներու, սկզբունքներու՝ մեր ազգին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին կապուած։ Ա՛յս եղած է մեր Ս. աթոռին սկզբունքները եւ՝ կեանքի ճամբան ու առաքելութեան նպատակը։ Հետեւաբար, այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը վերանորոգէ իր ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը։ Թող Աստուած անսասան պահէ Հայաստան աշխարհը, Արցախը, մեր եկեղեցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, մեր բոլոր կազմակերպութիւնները եւ մեր ազգը ամբողջ», ըսաւ հայրապետը։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ ներկաներուն միաբերան «Կիլիկիա» քայլերգի եւ հայրապետական մաղթերգերու երգեցողութեամբ։
Ներկաները աջահամբոյրով կաթողիկոսին փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ