ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, նպատակաուղղուած քարոզչութեան շնորհիւ, հասարակ մարդիկ միշտ միտում ունին հաւատալու, թէ Արեւմուտքը՝ գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու, անսխալական է իր վարած քաղաքականութեանց եւ ծրագրած ռազմավարութեանց մէջ։ Հետեւաբար ներկայիս տեղի ունեցող ռուս-ուքրանական պատերազմին պարագային ալ անսխալական է։
Ինչ տեղի կ՛ունենայ պատերազմի դաշտի վերածուած Ուքրանիոյ մէջ պարզ եւ յստակ է. Աւեր, արտագաղթ, տնտեսութեան փլուզում, ենթակառոյցներու քանդում, տասնեակ հազարաւորներու սպանդ։ Առ այդ, հարց տանք մենք մեզի, թէ այս պատկերին եւ Ուքրանիոյ կործանման բուն պատասխանատուները ովքե՞ր են: Արեւմո՞ւտքը թէ՞ Ռուսիան։ Պատասխանը ստանալէ առաջ խորհինք եւ եզրակացնենք, որ Ռուսիա մտահոգ է եւ չի փափաքիր, որ Ուքրանիա ՆԱԹՕի անդամ դառնայ, որովհետեւ Ուքրանիոյ այդ ձգտումը ուղղակիօրէն գոյութենական սպառնալիք է իրեն համար, իսկ Արեւմուտքի համար պարզապէս իր յառաջխաղացումն է դէպի Արեւելք եւ Ռուսիոյ շուրջ պարանի սեղմումը։
Անշուշտ Եւրոպա եւս շատ հաշտ չէ այս ռազմավարութեան հետ ու բնաւ ալ շահ չունի Ռուսիան խեղճացած տեսնելու մէջ։ Արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներու ձեռնտու է ծունկի եկած Ռուսիա մը: Հաւանական չէ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքին համար Ռուսիա ընդհանրապէս սպառնալիք չի կրնար ըլլալ, այլ աւելի շատ դաշնակից: Այո, դաշնակից ընդդէմ օրէ օր հզօրացող եւ գոնէ արեւելեան Ասիոյ գերպետութիւն՝ Չինաստանի, որ շատ հաւանաբար նաեւ ոչ շատ հեռու ապագային՝ մոլորակի մակարդակով հզօրագոյնը դառնալու հնարաւորութիւններ եւ ձգտումներ ունի։ Ներկայիս վարած իր քաղաքականութեամբ, Արեւմուտքը Ռուսիան արդէն իսկ աւելի մօտեցուցած է Չինաստանին եւ շուտով բոլոր բնագաւառներու մէջ անոնք կը դառնան ամբողջական դաշնակիցներ՝ ընդդէմ Արեւմուտքին։
Վերադառնալով Ուքրանիոյ, անոր համար միակ լուծումը եւ պատերազմի աւարտը, չէզոքութեան ընդունումն ու պահպանումը կրնայ ըլլայ, այսինքն՝ հրաժարիլ ՆԱԹՕի անդամակցելու հեռանկարէն: Սակայն արդեօք Միացեալ Նահանգները պիտի արտօնէ՞ Ուքրանիոյ նման կարգավիճակ ունենալ, թէ՞ պիտի շարունակէ զայն զինել այնքան մը, որ յստակ առաւելութիւն չունենայ Ռուսիոյ վրայ, որպէսզի վերջինս ստիպուած միջուկային զէնքի գործածութեան չդիմէ, այլ զայն ներքաշելով երկարատեւ, հիւծող եւ մաշեցնող պատերազմի մէջ։ Բայց այս մարտավարութիւնն ալ կրնայ սխալ դուրս գալ, որովհետեւ Ռուսիոյ տնտեսական եւ ֆինանսական փլուզումն ալ գոյութենական վտանգ է անոր համար, եւ հետեւաբար զայն կրնայ մղել միջուկային զէնքի գործածութեան, թէկուզ փոքր ծաւալի, որ կրնայ պատճառ դառնալ Ուքրանիոյ կործանման։
Բոլոր անոնք, որ կը մտածեն, թէ Արեւմուտքը անսխալական է, յիշեցնեմ որ Միացեալ Նահանգները Պաղ պատերազմի աւարտին պնդեցին, որ Ուքրանիա ապազինուի եւ իր սահմաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող միջուկային զէնքերէն հրաժարի, այն տրամաբանութեամբ, որ այդ զէնքերը միայն գերպետութիւններուն մենաշնորհը պէտք է մնան, միջուկային պատերազմները կանխելու համար։ Մինչդեռ եթէ ուքրանացիք պահած ըլլային այդ զէնքերը, այս պատերազմը շատ հաւանաբար տեղի չունենար։
Փաստը այն է, որ ոչ Ուքրանիա անկախ է իր որոշումներուն մէջ եւ ցանկութեան պարագային ալ չի կրնար պատերազմը դադրեցնել, ոչ ալ Ռուսիա ի զօրու է պատերազմը դադրեցնելու, որովհետեւ այդ մէկը իր պարտութիւնը պիտի ըլլայ: Արեւմուտքը նոյնպէս պիտի չուզէ նման քայլի դիմել, պատերազմի դադրեցումը համարելով իր քաղաքականութեան պարտութիւնը:
Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմը անմիջական առնչութիւն ունի նաեւ մեր հայրենիքին հետ: Ռուսիոյ պարտութիւնը մեզի համար կրնայ գոյութենական վտանգի վերածուիլ, որովհետեւ նկատի պէտք է ունենալ, որ մեր երկու կողմերու հարեւանները մեր դարաւոր թշնամիներն են։ Վերջապէս, եզրակացնելու համար պէտք է նշել, որ աշխարհը ղեկավարելու կոչուած մարդիկ միշտ ալ սխալներ կատարած են եւ պիտի շարունակեն սխալիլ: Անոնց սխալներուն հետեւանքով այսօր ուքրանացիք շատ սուղ գին կը վճարեն։
Իսկ մեր պարագային ալ, մեր ղեկավարութեան երեսնամեայ սխալներուն հետեւանքով, հերթական անգամ հողային կորուստ ունեցանք եւ հազարաւոր անմեղ զոհեր։