ՍՈՆԱ ԱՆՏՐԵԱՆ
Երաժշտութիւնը կ՛ազնուացնէ հոգին եւ կը հանդիսանայ միջազգային լեզու մը, որ կը հնչէ տարբեր ժողովուրդներու կողմէ, բոլորին համար:
Արդարեւ, նորահաս սերունդին մօտ հայկական երաժշտութեան սէրը արթնցնելու եւ անոր հոգիին մէջ զայն մշտակէզ պահելու համար, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի Երաժշտական յանձնախումբը նախաձեռնեց երաժշտական- գեղարուեստական երեկոյի մը կազմակերպման, Դամասկոսի պետական երաժշտանոցի հայ ուսանողներուն կատարողութեամբ։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 2 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «Ահարոնեան» կեդրոնի սրահին մէջ, ներկայութեամբ վարչութեան եւ յանձնախումբի անդամներուն, ծնողներուն եւ երաժշտասէր հանրութեան:
Վարչութեան եւ յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարչութեան անդամ Ժանէթա Պրունսուզեան, որ յայտնելով նախաձեռնութեան նպատակը՝ ըսաւ. «Երաժշտութիւնը կ՛ազնուացնէ հոգին եւ տարբեր ժողովուրդներու միացման օղակ կը կազմէ: Դարերու տառապանքէն յաղթական դուրս եկած մեր մշակոյթի ամէնէն մեծ գործօններէն են հայ երգն ու երաժշտութիւնը։ Ուստի Համազգայինը մեծ դերակատարութիւն ունի զանոնք պահելու եւ նորահաս սերունդին սեփականութիւնը դարձնելու: Այս նպատակով կազմակերպեցինք երաժշտական այս համեստ երեկոն, քաջալերելու մեր պատանիները եւ երիտասարդները, համախմբելու զանոնք համազգայինին շուրջ, որպէսզի անոր հովանիին տակ կենսաւորեն նաեւ հայ երգն ու երաժշտութիւնը, սիրեն եւ ապրին հայկական երաժշտութեան շունչով ու ոգիով»։
Այնուհետեւ ներկաները հաճոյքով ունկնդրեցին եւ վայելեցին հայկական եւ միջազգային երաժշտական կտորներու ընտրանի մը, զորս մեր սիրելի աշակերտները սորված էին պետական երաժշտանոցին մէջ։
Այսպէս` դաշնամուր նուագեցին հուրիկ Քիւլլիւքեան՝ Gurlitt «Etude» եւ Bach «Musette», Արփի Ճանսըզեան՝ Prokefiev «Promode» եւ Bach «Invention No. 4», Սարգիս Ճանսըզեան՝ Cazella «Galop», Back «Invention No. 13», Սարօ Ասատուրեան՝ Պապաճանեան «Չքնաղ Երազ» , Golden «Tango», Սէրլի Առաքելեան՝ Պապաճանեան «Մելոտի»։
Ջութակ նուագեցին Պերճ Ասատուրեան՝ Rieding«Concert in H moll»,
Սերժ Պոյեաճեան՝ Mozart «Concert in A moll» եւ Արէն Սեդիկեան ՝Seitz «Concerto Nօ. 3»:
Կիթառ նուագեց Սարգիս Առաքելեան՝ Calstrayud «Waltz»:
Աւարտին Ժանէթա Պրունսուզեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցողներուն, որոնք իրենց ճկուն, նրբաճաշակ եւ հոգեթով կատարումներով հմայեցին բոլորը։ Ան խրախուսեց զանոնք՝ մաղթելով, որ մշակոյթի եւ երաժշտութեան սէրը միշտ վառ պահեն եւ բարձրագոյն ուսում ստանալով՝ փարին նաեւ հայկական երաժշտութեան եւ առիթ ունենան շրջապտոյտներ կատարելու հայկական մշակոյթի անդաստանին մէջ։
Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք, առաջնորդելով իրենց զաւակները դէպի Համազգային՝ զօրավիգ կը հանդիսանան նախաձեռնութիւններուն այն միութեան, որուն ճամբով կ՛երաշխաւորուի մեր ազգային ինքնութեան պահպանումը։
Հուսկ, յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած հայկական դասական երաժշտութեան խտասկաւառակով պարգեւատրուեցան մասնակցողները։
Նախաձեռնութիւնը արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին, արձանագրելով խանդավառութիւն եւ փայլուն յաջողութիւն։
Երաժշտական շունչով յագեցած հանդիսականները բաժնուեցան սրահէն՝ դարձեալ հանդիպելու յոյսով։