Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Շրջանային միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ Շաբաթ 2 եւ Կիրակի 3 Յուլիսին, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի 10րդ եւ 11րդ կարգերու աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական երեկոն:
Ձեռնարկը սկսաւ բացման պատկերով մը, որուն յաջորդեցին երգեր, պարեր, զաւեշտներ եւ երաժշտական կատարումներ:
Կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ ճեմարանականները յաջողած էին բեմ հանել իրենց ձիրքերը՝ բեմադրել զաւեշտ, սորվիլ երգ ու պար, նուագել դասական եւ ժողովրդային ստեղծագործութիւններ, ասմունքել, դերեր մարմնաւորել, բեմագրութիւն պատրաստել եւ հանդիսատեսին ներկայանալ անկեղծ ու գունեղ իրենց աշխարհով:
Այս ձեռնարկը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ հանդիսատեսին, յատկապէս ճեմարանի աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն մօտ, որովհետեւ անիկա աշակերտներուն աշխատանքին արդիւնքն է: Այստեղ ի յայտ կու գան անոնց բազմապիսի ձիրքերը, բեմին վրայ խանդավառ մթնոլորտ կը տիրէ, իսկ հանդիսատեսը հետաքրքրութեամբ կը հետեւի:
Հետաքրքրականը այն է, որ երեկոն իր բոլոր մանրամասնութիւններով՝ բեմայարդարում, տարազներ, յայտագիր, արտասանուած խօսքեր եւ այլն, բծախնդրութեամբ կը պատրաստուի, որովհետեւ աշակերտները իրենց լաւագոյնը կ՛ուզեն ներկայացնել, իսկ Շրջանային միութեան վարչութիւնը ազատութիւն կու տայ անոնց միտքի թռիչքին, առանց սահմաններ դնելու եւ կաշկանդելու զիրենք:
Զոյգ ձեռնարկներուն ներկայ էին Ազգային վարչութիւնը, Ճեմարանի տնօրէնը եւ ուսուցչական կազմը, Շրջանային միութեան վարչութիւնը, Ճեմարանի խնամակալութիւնը, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, քահանայ հայրեր եւ ծնողներ:
Ձեռնարկներու աւարտին, Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային միութեան եւ ձեռնարկի յաջողութեան սատար կանգնած շրջանաւարտներուն:
Ապա խորհրդանշական յուշանուէրով պարգեւատրուեցան Շրջանային միութեան այն անդամները, որոնք իրենց ներդրումը բերին միութեան աշխատանքներուն, յատկապէս այս ձեռնարկին: Այսպէս. պարգեւատրուեցան՝ Ժիրայր Կարապետեան, Արա Մութաֆեան, Սագօ Պալապանեան, Էլէնա Աւագեան, Նանար Շահինեան, Լենա Չոքկարեան, Անժելա Չաղլասեան, Մարինէ Մարգարեան, Սարին Շահինեան եւ Նանոր Մարտիկեան:
Ձեռնարկներու աւարտին, Զարեհ քհնյ. Շաքարեան եւ Խորէն Քքհնյ. Պէրթիզլեան առաջնորդ սրբազանին բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեցին զոյգ ելոյթները:
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»