
Նամակատուփ
Թաւրիզի «Այգ»ին եւ Թեհրանի «Նոր Կեանք»ին.- Եթէ կարելի է, թերթերը ղրկեցէք թղթի մէջ ծրարած։ Թերթերը մեզի կը հասնին քրքրուած վիճակի մէջ. չենք կրնար կարդալ, ոչ ալ հաւաքածոյի համար վերցնել։
***
«Երիտասարդ Հայաստան»ի խմբագրութեան.- Ձեր թերթի Ապրիլ 20-22ի միացեալ թիւէն ասդին թերթ չենք ստացած։ Կը դադրեցնենք «Ասպարէզ»ի առաքումը. կը վերսկսինք ղրկել, երբ ստանանք ձեր թերթը։
***
«Երկիր».- Ձեր թերթի 777 թիւերէն հազիւ 77 թիւ ստացած ենք։ Կ. Պոլսոյ թերթերէն «Ճակատամարտ», «Ժող. Ձայն», «Վերջին Լուր» կը ստանանք կանոնաւորապէս։ Յուսով ենք, թէ նկատի կ՛ունենաք այս պարագան եւ ձեր թերթին առաքումը կը կանոնաւորէք։ Այժմ ամիսը հազիւ չորս-հինգ թիւերու ծրար մը կը ստանանք։
Յուլիս 11, 1922, թիւ 869