ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- JAMnews կայքը հրապարակած է յօդուած մը Ատրպէյճանի կողմէ դէպի Քելբաջար (Քարվաճառ) կառուցուող փապուղիին մասին: Յօդուածը, որ կը կրէ «Ատրպէյճան Կը Կառուցէ Աշխարհի Ամէնէն Երկար Փապուղիներէն Մէկը՝ Լեռնային Ղարաբաղը Շրջանցելու Համար» խորագիրը, թարգմանաբար եւ կրճատումներով ներկայացուած է «Սիվիլնեթ»ի կայքին վրայ՝ Զառա Պօղոսեանի կողմէ:
Յօդուածագիրը կը գրէ, թէ Գեանջան Քելբաջարին կապող մայրուղիին վրայ կը կառուցուի աշխարհի ամէնէն երկար փապուղիներէն մէկը, որ պիտի անցնի Մռաւի լեռնաշղթային տակէն: Ատրպէյճան ինչո՞ւ պէտք ունի դէպի Քելբաջար տանող քանի մը քիլոմեթրնոց փապուղին, եւ ինչո՞ւ անիկա կը կառուցուի՝ շրջանցելով Արցախը: Այլընտրանքային ճանապարհը երբեք աւելորդ չէ, բայց կան նաեւ շատ աւելի լուրջ հարցեր, կը կարծէ փորձագէտը:
Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն եւ Քելբաջարի շրջանը՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք, ծագած է այս շրջանին հետ հաղորդակցութեան հարցը:
Հարցը այն է, որ մինչեւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան սկիզբը դէպի Քելբաջար տանող միակ ճամբան կ՛անցնէր Մարտակերտի շրջանէն։ (…) Մարտակերտէն անցնող ճանապարհը տակաւին կայ, բայց անիկա կ՛անցնի Արցախի այն մասէն, ուր տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը:
Հիւսիսային, շատ աւելի դժուար անցանելի ճամբան՝ դէպի Քելբաջար, կ՛անցնի Մռաւի լեռնաշղթայէն եւ ձմրան գրեթէ անանցանելի է:
16 Օգոստոսի 2021ին՝ 44օրեայ պատերազմի աւարտէն ինը ամիս ետք, դրուեցաւ փապուղիի հիմքը: Փապուղին մաս կը կազմէ այն ճամբուն, որ Գեանջան (Ատրպէյճանի երկրորդ կարեւորագոյն քաղաքը) պիտի կապէ Քելբաջարին:
Փապուղիի երկարութիւնը 11,658 մեթր է եւ, ըստ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, անիկա պիտի ըլլայ աշխարհի ամէնէն երկար փապուղիներէն մէկը:
Կ՛ակնկալուի, որ փապուղին շահագործման յանձնուի 2025ին:
Այս փապուղիի կառուցումը եւ շահագործման յանձնման տարին նոյն ատեն քանի մը հարց կը բարձրացնեն, ըսաւ փորձագէտ Նազիմ Համիտով:
«Եկէք անկեղծ ըլլանք, լերան տակ գտնուող գրեթէ 12 քիլոմեթր երկարութեամբ փապուղին նիւթական հսկայական ներդրումներ կը պահանջէ: Այսինքն՝ Ատրպէյճանի համար ասիկա, ի միջի այլոց, կամ այլ բանի հարց չէ, այլ տարբերակներ ուղղակի չկային: Եթէ նայիք քարտէսին, արեւմտեան կողմէ Քելբաջարի շրջանը սահմանակից է Հայաստանին, հարաւէն՝ Լաչինի շրջանին, որ նոյնպէս անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Բայց Լաչինի շրջանին մէջ կայ 5 քիլոմեթր լայնութեամբ միջանցք, որ Հայաստանը կը կապէ Ստեփանակերտին: Խնդրայարոյց է նաեւ արեւելեան կողմը՝ հին ճամբան կ՛անցնի ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն», նշեց Համիտով:
Անխոչընդոտ հաղորդակցութեան համար կը մնայ միայն հիւսիսային ուղղութիւնը: Բայց,
Փապուղին շահագործման պիտի յանձնուի միայն 2025ին: Ինչպէս կը յիշենք, նոյն թուականին կ՛աւարտի Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահներու գտնուելու ժամկէտը: Պաշտօնական Պաքուն արդէն քանի մը անգամ իշխանութեան մօտիկ անձերու միջոցով յայտարարեց, որ պիտի չերկարաձգէ Մոսկուայի հետ խաղաղապահ առաքելութիւնը շարունակելու պայմանագիրը (…):
«Բայց այստեղ մենք ունինք փապուղիի կառուցման բազմամիլիոնանոց նախագիծ մը, որ կարելի էր չկառուցել՝ վստահ ըլլալով, որ մինչեւ 2025 Պաքու անխոչընդոտ մուտք պիտի ունենայ Մարտակերտէն Քելբաջար տանող ճամբուն: Ըստ ամենայնի, յստակութիւն չկայ: Բայց ամէն պարագայի, երկրորդ՝ այլընտրանքային ճամբան ոչ մէկուն կը խանգարէ:
«Ինչ կը վերաբերի աշխարհի ամէնէն երկար փապուղիներէն մէկուն վերաբերող յայտարարութիւններուն՝ Մռաւի փապուղին անգամ ամէնէն երկարներու առաջին հարիւրին մէջ չէ, եթէ նկատի ունենանք համաշխարհային տարողութիւնը: Բայց, անկասկած, ասիկա հսկայական նախագիծ է տարածաշրջանային առումով», ըսաւ Համիտով: