ԵՐԵՒԱՆ.- 11 Յուլիսին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իշխան Սաղաթէլեանի մամուլոյ ասուլիսը, որ անդրադարձաւ Եւրոպական խորհրդարան այցելութեան արդիւնքներուն, ունեցած հանդիպումներուն, ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, խօսեցաւ ներքաղաքական զարգացումներուն եւ յառաջիկայ կատարուելիքներուն մասին:
Ան շեշտեց, որ միջազգային կառոյցներուն, յատկապէս Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի շահերը պատշաճ կերպով չեն ներկայացուած, իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ակնյայտ դարձաւ, որ Հայաստանի խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատշաճ կերպով չեն պաշտպաներ հայ ժողովուրդի շահերը:
Սաղաթէլեան նաեւ հաստատեց, որ Հայաստանի իշխանութիւններու պնդումները, թէ կայ միջազգային պահանջ եւ համաձայնութիւն՝ Արցախի կարգավիճակի հարցին մէջ նշաձող իջնեցնելու վերաբերեալ, անհիմն են, նման պահանջ գոյութիւն չունի:
«Այլ հարց է, որ գոյութիւն ունի խաղաղութեան հասնելու պահանջ, խաղաղութեան օրակարգ, բայց երբ այդ հանդիպումների ընթացքում մանրամասն բացատրում էինք, որ հայ ժողովուրդը դէմ չէ խաղաղութեանը, սակայն այդ խաղաղութիւնը չի կարող լինել մեր հայրենազրկման գնով, եւ պարտադրուած խաղաղութիւնը տարածաշրջանին չի կարող բերել կայունութիւն, այս հիմնաւորումները նրանց համար շատ հասկանալի էին», յայտնեց ան:
Սաղաթէլեան հաստատեց, որ Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը պայքարի քանի մը ճակատներով՝ դիտել տալով, թէ ներքին մակարդակի վրայ գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ արդէն ձեւաւորուած են «Դիմադրութիւն» շարժման խորհուրդները: Թէեւ հանրահաւաքներ տեղի կ՛ունենան շաբաթը մէկ անգամ, սակայն հսկայական կազմակերպական աշխատանք կը տարուի:
Ան դիտել տուաւ, որ խորհրդարան պիտի վերադառնան բացառապէս իրենց օրակարգով։ «Այլ պարագայում մենք չենք պատկերացնում մեր գործունէութիւնը խորհրդարանում: Մեր ընտրողների ցանկութիւնն այն չէ, որ գնանք խորհրդարան, զբաղուենք երկրորդական գործերով», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ խորհրդարանական աթոռները իրենց համար կարեւոր չեն: «Դրանք ծառայելու են մեր ժողովրդին: Եթէ կը գայ մի պահ, որ դրանից հրաժարուելու պահանջ տեսնենք, մենք կը քննարկենք, բայց դրանցից հրաժարուելով՝ որեւէ արդիւնաւէտութիւն շարժումը չի ունենալու», ըսաւ ան:
Աւարտին Սաղաթելեան դիտել տուաւ, որ պատերազմի վտանգ կը տեսնէ։ «Կայ պատերազմի վտանգ, ու, եթէ ուզում էք իմանալ, այս իշխանութիւնը պէտք է օր առաջ հեռանայ նաեւ այդ պատճառով: Այս իշխանութիւնը պարտութեան ու պատերազմի խոհրդանիշ է: Աստուած չանի, եթէ այս իշխանութիւնով մտնենք պատերազմի մէջ, ակնյայտ է՝ ինչ ելք ենք ունենալու», եզրակացուց Սաղաթէլեան: