ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի խորհուրդը շրջանառութեան մէջ դրաւ որոշման նախագիծ մը, ըստ որուն, կը նախատեսեն դիմել Սահմանադրական դատարանին՝ ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորները իրենց պաշտօնէն զրկելու հարցով: Այս մասին գրուած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին վրայ:
Ըստ որոշման նախագիծին՝ պատգամաւորներու ցանկին վրայ չեն ներառուած «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան մասնաբաժինով խորհրդարան անցած Թագուհի Թովմասեանի ու Իշխան Զաքարեանի անունները:
Իշխան Զաքարեան աւելի կանուխ յայտարարեց «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութենէն իր՝ դուրս գալու մասին:
Ի դէպ, ցանկին վրայ չկայ նաեւ Մարտուն Գրիգորեանի անունը, որ պատգամաւորական աթոռ ստացաւ Արթուր Վանեցեանի հրաժարական ներկայացնելէն ետք՝ 30 Յունիսին: Գրիգորեան ընդգրկուած է «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան կազմին մէջ: