ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան նշանակուեցաւ Լոս Անճելըս գաւառի Փոխադրական միջոցներու վարչութեան՝ «Մեթրօ»ի, ատենապետ եւ այդ պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 30 Յունիս 2023։
Արա Նաճարեան չորս առիթներով եղած է Կլենտէյլի քաղաքապետ, ինչպէս նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանային երկաթուղային վարչութեան՝ «Մեթրոլինք»ի, ատենապետ:
Ան Սան Ֆերնանտօ հովիտի քաղաքապետութիւններու խորհուրդի անդամ է եւ եղած է անոր ատենապետը, իսկ 2003էն 2005 եղած է Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան անդամ:
Նաճարեան մաս պիտի կազմէ նաեւ «Մերթօ»ի ծրագրումի, գործադիր վարչութեան եւ 2028ի Ողիմպիկան խաղերու յանձնախումբերուն։