Ճափոնի նախկին վարչապետ Շինծօ Ապէ Նարա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող հանրահաւաքի մը ընթացքին խօսք արտասանելուն ընթացքին զինեալ յարձակումի ենթարկուեցաւ եւ հիւանդանոց տեղափոխուեցաւ՝ ըստ փրկարար ծառայութեան «կենդանութեան նշաններ չունենալով»:
65 տարեկան Ապէ քարոզարշաւ կը կատարէր խորհրդարանի վերին պալատի յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար:
Ապէ Ճափոնի վարչապետի պաշտօնը վարած է Դեկտեմբեր 2012էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2020, հանդիսանալով այդ պաշտօնին վրայ ամէնէն երկար մնացած վարչապետը:
Ճափոնի նախկին վարչապետին վրայ յարձակում գործած անձը ձերբակալուեցաւ: Ան երկրի ծովուժին մէջ երեք տարի ծառայած 41 տարեկան Թեցույա Եամակամին էր, որ յայտարարեց, թէ դժգոհ էր նախկին վարչապետին վարած քաղաքականութենէն եւ կ՛ուզէր զինք սպաննել: