Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ազատագրումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Հալէպ եւ անոր հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող ելեկտրակայանը:
Ասատ հանդիպում ունեցաւ շարք մը մասնագէտներու, աշխատաւորներու եւ թեքնիք պատասխանատուներու հետ ու անոնց հետ ականատես դարձաւ ելեկտրակայանի Հալէպ նահանգի մատակարարման համար 200 քիլօուաթ ելեկտրականութիւն արտադրելու կարողութիւն ունեցող 5րդ մասի աշխատանքի մեկնարկին: Ան նաեւ ծանօթացաւ ելեկտրակայանի 4րդ մասի վերանորոգման աշխատանքներուն: