ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինը Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնին համար առաջարկեց Հայկ Մամիջանեանի, իսկ խմբակցութեան քարտուղարի պաշտօնին` Տիգրան Աբրահամեանի թեկնածութիւնները:
Կուսակցութիւնը այս մասին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ նշելով, որ 11 Յուլիսին տեղի ունեցաւ գործադիր մարմինի նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան կուսակցութեան գործունէութեան վերաբերող հարցեր: «Շեշտուել է կառուցուածքային ստորաբաժանումների հետ աշխատանքների ակտիւացման եւ ոլորտային կազմակերպութիւնների աշխատանքային ծրագրերը լիարժէք իրագործելու կարեւորութիւնը»:
Նիստին ներկայացուեցաւ նաեւ ՀՀԿ արտաքին կապերու ծիրին մէջ միջազգային գործընկերներու հետ տարուող աշխատանքներուն մասին ընթացիկ տեղեկատուութիւն:
Քննարկուեցաւ Ազգային ժողովին մէջ Հանրապետական պատգամաւորներուն հետագայ գործունէութիւնը:
Ի գիտութիւն ընդունուեցաւ «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավարի յայտարարութիւնը՝ «Պատիւ Ունեմ» դաշինքէն դուրս գալու մասին եւ արձանագրուեցաւ դաշինքի գոյութեան դադրեցումը:
Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ վերահաստատուեցաւ, որ կուսակցութեան խորհրդարանական գործունէութեան առանցքը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ իշխանութիւններու հեռացումը, առ այդ, թէ՛ խորհրդարանին մէջ եւ թէ անկէ դուրս Հանրապետականը պատրաստ է համագործակցելու այդ օրակարգը հետապնդող պատգամաւորներուն, քաղաքական եւ հասարակական ուժերուն եւ գործիչներուն հետ: