
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ըստ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին իրականացուցած հարցախոյզին՝ ամերիկահայութիւնը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ դէմ արտայայտուած է Արցախը ատրպէյճանական լուծին տակ դնելու գաղափարին, զօրակցելով Արցախի ազատութեան։
Հարցախոյզին մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը նաեւ առաջնակարգ նկատած է Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորումը, մինչ Ուաշինկթըն կը ջանայ շեշտը դնել ներքին «բաերկարգումներ»ու վրայ։
Ստորեւ հարցախոյզին գլխաւոր արդիւնքները.
– 97.65 տոկոսը համաձայն է, որ Արցախը ատրպէյճանական լուծին տակ պէտք չէ դրուի.
– 98.4 տոկոսը կը հաւատայ, որ Հայաստան գոյութենական վտանգ կը դիմագրաւէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն պատճառով.
– 95.2 տոկոսը համաձայն է, որ Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորումը Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ.
– 98 տոկոսը կը փափաքի, որ Ուաշինկթըն կասեցնէ Ատրպէյճանի զինումը եւ պատժամիջոցներ սահմանէ Պաքուի դէմ, Արցախի մէջ գործած անոր պատերազմական ոճիրներուն համար.
– 93.6 տոկոսը համաձայն է, որ Թուրքիա պէտք է վնասուց հատուցումներ վճարէ հայութեան։