ԷՉՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Էջմիածինի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ քաղաքապետարանը 1300 քառակուսի մեթր տարածք յատկացուցած է Արցախեան ազատամարտին նահատակուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրի կառուցման համար:
Այս մասին յայտնեց Էջմիածինի քաղաքապետարանի քաղաքաշինութեան բաժինի պետ Արամ Սամսոնեան եւ նշեց, որ յուշակոթողը պէտք է մարմնաւորէ յաղթանակած զինուորի գաղափարը: