ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագիրը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է։

Անոր վեց մասնակցողները պիտի հետեւին աշխատանիստերու եւ դասախօսութիւններու, նաեւ պիտի ունենան հանդիպումներ եւ աշխատանք պիտի տանին Հայ Դատի շարք մը յանձնախումբերու համար։ Անոնք նաեւ պիտի իրականացնեն կարգ մը ծրագիրներ, որոնք կը պատրաստեն զիրենք համալսարանական կեանքէն անցնելու դէպի արհեստավարժ ասպարէզ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ վարչութիւնը ուրախ է, որ Հայ Դատին զօրավիգ կանգնելու եւ համայնքի շահերը պաշտպանելու պատրաստ վեց երիտասարդներ կը մասնակցին այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագիրին՝ աւելցնելով, որ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններու սեմին, անոնք նաեւ առիթը պիտի ունենան իրենց ձիրքերը ի սպաս դնելու ընտրական աշխատանքներուն։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի 2022ի ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցողներն են՝ Մարիա Հախվերդեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, քաղաքական գիտութիւն), Մերի Պեճանեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, պատմութիւն), Սարա Քիպարեան («Փեփըրտայն» համալսարան, տնտեսագիտութիւն եւ իմաստասիրութիւն), Մերի Գույումճեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, քաղաքական գիտութիւն), Թոնի Օրտուխանեան (Փասատինայի քաղաքային համալսարան, քաղաքական գիտութիւն) եւ Քրիսթինա Սոֆրազդեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, ընկերաբանութիւն)։