ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները խոստացած են մինչեւ Յունիս ապահովել հայ զինուորականներու դուրսբերումը Ղարաբաղէն, սակայն այդ պայմանաւորուածութիւնը մինչ օրս չէ կատարուած։ Լուրը կը հաղորդէ «Սփիւթնիք Ատրպէյճան»ը։
«Հայաստան՝ իբրեւ պատերազմ պարտուած եւ յանձնուողական յայտարարութիւն ստորագրած երկիր, 10 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեամբ ստանձնեց որոշ պարտաւորութիւններ, որոնք յստակ են: Անոնցմէ մէկը Ղարաբաղէն հայկական զինուած ուժերու դուրսբերումն է: Բայց մինչ օրս այդ հարցը լուծում չէ գտած։ Եթէ Հայաստան չ՛ուզեր իր զօրքերը դուրս բերել Ատրպէյճանի տարածքէն, բացայայտ կերպով թող ընէ, մենք կը գիտնանք, թէ այդ պարագային ի՛նչ պիտի ընենք, ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր պատասխանը», յայտարարեց Ալիեւ։
Մինչ այդ յայտարարուեցաւ, որ 16 Յուլիսին Թիֆլիսի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու առաջին երկկողմ հանդիպումը: Տեղեկութիւնը տարածեց պաշտօնական Երեւանը` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու հանդիպման օրակարգին եւ բովանդակութեան մասին:
Ալիեւ նաեւ այս մասին խօսեցաւ՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ անիկա արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: Ըստ Ալիեւի՝ այդ հանդիպման օրակարգային հարցերը սեղանին են, եւ անոր լաւագոյն արդիւնքը կրնայ ըլլալ հայկական կողմի աշխատանքային խումբի կազմութիւնըը: «Ատրպէյճան արդէն կազմած է խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստութեան աշխատանքային խումբը, մինչդեռ Հայաստան տակաւին քայլ չէ առած այդ ուղղութեամբ», կառավարութեան նիստին ըսաւ Ալիեւ:
Նոյն ժամանակ, ան յայտարարեց, որ սահմանազատման հարցով հայ-ատրպէյճանական յանձնաժողովի երկրորդ նիստը նախատեսուած է յաջորդ ամիս: Հայկական կողմը ցարդ ոչինչ ըսած է փոխվարչապետերու նախագահութեամբ Մայիսին կազմուած հայկական եւ ատրպէյճանական յանձնաժողովներու հանդիպման մասին: Ալիեւ ըսաւ, որ նիստը պիտի յատկացուի գործնական հարցերու քննարկման:
Ըստ անոր՝ սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովի առաջին նիստը գումարուած է Պաքուի նախաձեռնութեամբ, որովհետեւ Ատրպէյճան կը ձգտի սահմանազատման ուղղութեամբ արագ քայլերու ձեռնարկել, սակայն հայկական կողմը այնքան ալ հակուած չէ անոր:
Ալիեւ նշեց, թէ, հակառակ անոր որ վերջին վեց ամիւներուն ընթացքին որոշ քայլերու ձեռնարկուած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, այնուհանդերձ, դժբախտաբար, իրական արդիւնքներ չկան տակաւին: