Հայոց աւելի քան չորս հազարամեայ պանծալի պատմութիւնը, յատկանշուած է սխրալի խոյանք-յաղթանակներով եւ նոյնքան ալ բեկումներով եու նահանջ-պարտութիւններով: Սակայն, նուաճումներէ, մարդկային եւ հողային կորուստ-պարտութիւններէն ետք, զարմանալիօրէն եւ հրաշքի համազօր, հայութիւնը միշտ վերագտած է ապրելու եւ գոյատեւելու իր ուժականութիւնը, դարձեալ վերամիաւորուելու եւ վերականգնելու համազգային վճռակամութիւնը:
Հայրենիքի, բայց մանաւանդ Սփիւռքի հայկական համայնքներու կեանքին մէջ հայ եկեղեցւոյ եզակի դերը, յատկապէս առաջին եւ երկրորդ հՀամաշխարհային պատերազմներէն ետք՝ ուշագրաւ է եւ դրուատանքի արժանի է ու անոր շնորհիւ Սփիւռքի տարածքին հայ բեկորներուն ընձեռնուած է հայապահպանման եւ հոգեմտաւոր բազում ծառայութիւններ:
Քսաներորդ դարու սկիզբը սակաւաթիւ էր պանդխտացած հայերու թիւը Լոս Անճելըսի մէջ: Հայրենիքէն հեռու, հայրենիքի կարօտով Մոնթեպելլօ ապրող հայ պանդուխտները այդ թուականներուն, Կիրակի եւ տօնական օրերուն կը հաւաքուէին քոյր եկեղեցւոյ մը մէջ, եւ իրենց աղօթքներով, հայու հաւատքը եւ աւանդութիւնները ամո՛ւր կը պահէին:
Յունուար 1921ին, Մոնթեպելլօ համայնքի Անդամական ժողովը սեփական եկեղեցի ունենալու յանդուգն որոշումը կու տայ եւ 26 Մարտ 1922ին կը կատարուի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան արարողութիւնը: Եկեղեցւոյ շինութիւնը կ՛աւարտի 1923ին եւ ձեռամբ հոգելոյս Տիրայր Ծ. վրդ. Մարգարեանի, կը կատարուի օծման արարողութիւնը եւ նորաօծ եկեղեցին կ՛անուանուի Հայց. Առաք. Սուրբ Խաչ եկեղեցի:
1959ին, եկեղեցւոյ Անդամական ընդհանուր ժողովին որոշումով, Սուրբ Խաչ եկեղեցին մտաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան տակ: Եկեղեցւոյ սկզբնական հասցէն էր Մէյփըլ եւ 20րդ փողոցին անկիւնը, ուր մինչեւ 1978ին շարունակեց իր հոգեւոր առաքելութիւնը: Միջավայրի վատթարացումը եւ ծխականներուն՝ հետզհետէ եկեղեցւոյ մերձակայքէն հեռանալը պատճառ եղան եկեղեցւոյ վաճառքին եւ հինգ արտավար տարածութեամբ նոր կալուածի գնման՝ Մոնթեպելլոյի Լինքըն փողոցի եւ Մոնթեպելլօ պողոտայի անկիւնը: Նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 1 Յունիս 1980ին՝ ձեռամբ առաջնորդ Եփրեմ եպս. Թապագեանի, մասնակցութեամբ Սմբատ արք. Լափաճեանի եւ եկեղեցւոյ հովիւ հոգելոյս Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանի:
Հայրենի հողերէն պարտադրաբար արտագաղթած հայու բեկորներ, ուր ալ գացին կամ գաղթեցին, ազգի սէրն ու հայրենի կարօտը իրենց սիրտերուն՝ հայու գոյութենական միջնաբերդ, հաւատքի խորան՝ եկեղեցի եւ մշակոյթի օճախ՝ դպրոց կառուցեցին:
Ահա՛ Արարատի երկրէն հազարաւոր մղոններ անդին՝ Խաղաղականի այս օտար ափերուն, գաղթական հայու բեկորներ, բազում զրկանքներով, աննկուն կամքով բայց մանաւանդ անբեկանելի հաւատքով, երախտարժան մեր նախնիք, հարիւր տարիներ առաջ, ազգային եւ կրօնական նախանձախնդրութեամբ, նիւթական եւ բարոյական մեծ զոհողութիւններով 1922ին, լոյսի ու հաւատքի խորան՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարը կառուցին:
Այսօր հոգեւոր հպարտանքով վեր կ՛առնենք ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին դերն ու առաքելութիւնը, որ դար մը ամբողջ աստանդական հայ բեկորներուն համար իրողապէս եղաւ «հայ հոգիին եւ մարմնոյն» գոյատեւման հոգեւոր եւ ազգային զրահանդերձն ու հայակերտումի ամուր ամրոցը:
Ո՜վ Տէր, հայոց բոլոր եկեղեցիները ընդհանրապէս, բայց յատկապէս այսօր, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հարիւրամեայ հոգեւոր ծառայութեան յոբելեանին, փոխ առնելով տաղասաց վարդապետին շարականի բառերը կը վերառաքենք, եղանակելով. «Տէր Աստուած ողորմէ՛ եկեղեցի կառուցողները, երախտաւորները, նուիրատուներն ու ծառայողները, եւ անոնց՝ որոնք սուրբ եկեղեցւոյ հովանիին տակ կը հանգչին»: Թող հայը իր բազուկի, միտքի եւ հոգիի դրական նուաճումներով գօտեպինդ՝ վաղուան անորոշ հորիզոններուն նայի խաչեալ, թաղեալ սակայն հրաշալիօրէն յարուցեալ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի յոյսով:
Եզրափակելով եկեղեցւոյս 100 տարիներու խտացեալ պատմութիւնը, Մայր տաճարիս անցեալի թէ ներկայի հոգեւոր հովիւները, երեսփոխանական եւ հոգաբարձական հիմնադիր ու ժամանակակից բոլոր կազմերը, առ բարձրեալն Աստուած ու մեր Փրկչին կ՛առաքեն գոհութեան օրհներգութիւններ, եւ սրտեռանդն շնորհակալութիւն կը յայտնեն եկեղեցւոյս սատար հանդիսացող Տիկնանց միութեան, Կիրակնօրեայ դպրոցին, դպրաց դասին, սարկաւագաց դասին, եւ վերջապէս եկեղեցւոյս հաւատացեալներուն, բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց զօրակցութեամբ Ս. Խաչ Մայր տաճարը կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը, անաղարտ պահելով մեր պապերու՝ Քրիստոսի եւ առաքեալներու միջոցաւ հաստատուած առաքելական հաւատքը: Հարիւրամեակի այս սեմին, կը նպատակադրենք միասնաբար «Պանծացնել անցեալ հարիւրամեակը եւ լաւատես տեսլականով թեւակոխել յաջորդ հարիւրամեակը»:
Յառաջադրեալ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին նուիրուած յոբելեանական տօնախմբութիւնները պիտի ընդգրկեն հետեւեալ միջոցառումներն ու տօնակատարութիւնները.
– Շաբաթ, 10 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7ին՝ ժամերգութիւն եւ խունկի ու խաչերու օրհնութիւն եւ բաշխում:
– Կիրակի, 11 Սեպտեմբերին՝ Խաչվերացի եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի անուանակոչութեան տօներուն առթիւ, հանդիսաւոր եպիսկոպոսական Ս. պատարագ, ռեհանօրհնէք եւ մատաղօրհնէք՝ առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ:
– Շաբաթ, 24 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ՝ հանդիսաւոր ճաշկերոյթ «Բաղրամեան» սրահին մէջ:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ծխականներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, միասնաբար տօնելու եւ մասնակցելու Ս. Խաչ Մայր տաճարի հարիւրամեակին նուիրուած հոգեթով եւ ժողովրդային ձեռնարկներուն եւ հոգեկան բերկրանքով, աղօթասաց վարդապետին բառերով սրտաբուխ աղօթք վերառաքենք ըսելով. «Թագաւոր երկնաւոր զեկեղեցի Քո անշարժ պահեա»:
(Յայտարարութիւնը՝ եկեղեցիէն)