Շուէտական «Տակենզ Ճուրիտիք» օրաթերթը հաղորդեց, որ Շուէտի գերագոյն դատարանը մերժեց 2018ին Շուէտի մէջ կեցութեան եւ աշխատանքի իրաւունք ստացած 48 տարեկան անձ մը արտայանձնելու՝ Անգարայի պահանջը՝ շեշտելով, որ Թուրքիոյ ներկայացուցած փաստերը Շուէտի մէջ յանցագործութեան ապացոյցներ չեն նկատուիր։ Նաեւ, ատեանը շեշտեց, թէ ըստ երկրի օրէնքներուն, «կարելի չէ արտայանձնում կատարել, եթէ խնդրոյ առարկայ անձերուն դէմ քաղաքական հետապնդումի վտանգ գոյութիւն ունի»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա ետդարձ կատարած էր Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՆԱԹՕի անդամակցութիւնը մերժելու դիրքորոշումէն, երբ համաձայնութիւն գոյացած էր, որ այդ երկիրները Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական նկատուած կազմակերպութիւններու պայքարին մէջ պիտի գործակցին Անգարայի հետ:
«Անատոլու»ն հաղորդեց, որ խնդրոյ առարկայ անձը կիւլենական Եըլմազ Այթանն է, որ Թուրքիոյ կողմէ կը մեղադրուի «զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ստեղծելու եւ ղեկավարելու յանցանքով»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ սպառնաց Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՆԱԹՕի անդամակցութիւնը կասեցնել, եթէ Թուրքիոյ ճշդած պայմանները չյարգուին: