ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 19 Յուլիսին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները հանդիպում ունեցան Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի հետ:
Հանդիպման մասնակցեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան, անդամ Արա Պուլուզեան եւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան:
Մոսիյեան ողջունեց հիւրերը եւ շնորհաւորեց Զաքար Քէշիշեանը` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընտրուելուն առիթով՝ նշելով, որ Քէշիշեան Արցախի մէջ օտար մարդ չէ եւ արդէն առաւել քան 30 տարիներէ ի վեր իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ «Վարանդա» երգչախումբին մէջ:
Ան վստահեցուց, որ փոխադարձ համագործակցութիւնը աւելի պիտի սերտանայ ապագային, եւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի շատ ծրագիրներ իրականացնել Արցախի մէջ։
Քէշիշեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, որուն ան կ՛արժանանայ ամէն անգամ Արցախ գտնուելով:
Ան նշեց, որ ինք տարիներ շարունակ աշխատած է Արցախի մէջ, եւ Արցախը իր հարազատ օճախն է: Համազգայինը` իբրեւ ՀՅԴ քոյր կառոյց, հիմնադրութեան 95ամեակի շեմին, հաւատարիմ մնալով իր կանոնագիրին մէջ ամրագրուած Հայ Դատի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներ տանելու նպատակին, այս ծանր օրերուն իր պարտականութիւնը կը նկատէ մշակութային առաւել աշխոյժ աշխատանքներ ծաւալել Արցախի մէջ:
Հանդիպման մասնակցողները ծանօթացան Համազգայինի ցարդ ծրագրուած աշխատանքներուն, զորս ներկայացուց Արցախի գրասենեակը:
Մոսիյեան իր կարգին կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ ապազգային քարոզչութեան դէմ մեծ պարտականութիւն ունի այսօր Համազգայինը` ապահովութեան պարունակին մէջ։