ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի մէջ Հայաստանէն զօրակոչուած ժամկէտային զինուորներ պիտի չըլլան, իսկ պատերազմին ընթացքին պաշտպանութեան բանակին օգնելու համար Արցախ գացած ստորաբաժանումներուն` Հայաստան վերադառնալու գործընթացը պիտի աւարտի Սեպտեմբերին։ Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։ «Հրադադարի հաստատումից եւ Ղարաբաղում Ռուսաստանի խաղաղապահ կոնտինգենտի (դաշնակից զինուորական ուժի) տեղակայումից յետոյ Հայաստանի Զու ստորաբաժանումների դուրսբերումը Ղարաբաղից տրամաբանական է: Ինչ վերաբերում է Պաշտպանութեան բանակին, այն Լեռնային Ղարաբաղում է եղել եւ շարունակում է այնտեղ մնալ», յայտնեց ան:
Գրիգորեան աւելցուց, որ այնուամենայնիւ, Հայաստանէն պաշտպանութեան բանակ չեն զօրակոչուիր պայմանագրայիններ, Ստեփանակերտը տեղւոյն վրայ պիտի կազմակերպէ պայմանագրայիններու ներգրաւումը:
Ան պնդեց, որ ապահովական առումով ոչինչ կը փոխուի Արցախի մէջ, որովհետեւ այնտեղ նախապէս ալ ապահովութեան երաշխաւորման գործը դրուած է պաշտպանութեան բանակի ուսերուն: Ապա ան աւելցուց, որ Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը ապահովութեան երաշխիք պիտի ըլլայ:
Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ Մարտին ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան ատրպէյճանական ուժերու յառաջխաղացքը Փառուխի ուղղութեամբ ցոյց տուաւ, որ կացութիւնը այդպէս չէ՝ Գրիգորեան արձագանգեց. «Փառուխի դէպքերը 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեան կոպիտ խախտում են: Ռուսաստանի Դաշնութիւնը մեզ հաւաստիացրել է, որ ներխուժած ադրբեջանական ուժերը պէտք է դուրս գան այնտեղից, եւ մենք յոյս ունենք, որ խաղաղապահ ուժերը կ՛ապահովեն ապօրինի ներխուժած ստորաբաժանումների դուրսբերումը խաղաղապահ ուժերի պատասխանատուութեան գօտուց»:
Գրիգորեանի` Արցախի զօրակոչի նիւթով հարցազրոյցը յաջորդեց նախորդ շաբաթուան աւարտին Ատրպէյճանի նախագահի ծաւալուն ելոյթին, որուն ընթացքին ան յայտարարեց, որ 44օրեայ պատերազմէն առաւել քան1.5 տարի ետք Հայաստան տակաւին չի կատարեր իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, մինչդեռ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը Պաքուի մէջ խոստացաւ, թէ հայկական զօրքերը մինչեւ Յունիս դուրս կը բերուին Արցախէն:
Քաղաքագէտ Տիգրան Գրիգորեան, խօսելով Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութեան մասին՝ նշեց, որ, ըստ էութեան, նորութիւն չէ, եւ պաշտօնական Երեւանը առաջին անգամ չէ, որ կը խօսի Հայաստանէն Արցախ ժամկէտայիններ չտանելու մասին: «Ակնյայտ է նաեւ, որ այս հարցը քննարկուել է Բայրամով-Միրզոյեան հանդիպման ընթացքում, որը տեղի է ունեցել Թբիլիսիում: Այդ մասին կայ յիշատակում, օրինակ, Ադրբեջանի ԱԳՆ կողմից տարածուած հաղորդագրութեան մէջ հանդիպումից յետոյ, եւ պարզ է, որ Ադրբեջանը սպառնալիքի լեզուով է խօսում Հայաստանի հետ, թէեւ Գրիգորեանի այդ յայտարարութիւնն աւելի շատ դիւանագիտական բնոյթի յայտարարութիւն էր, որովհետեւ ինչ-որ նորութիւն ինքն այդ յայտարարութեան մէջ չի ասել» ըսաւ ան:
Տիգրան Գրիգորեան նկատել տուաւ, որ Ատրպէյճանի նախագահը հայկական զօրքերուն մասին խօսելու ատեն չի տարանջատեր Հայաստանի ու Արցախի զինուած ուժերը` ակնկալելով, թէ պաշտպանութեան բանակը զինաթափ ըլլայ: Հայաստանի իշխանութիւնները, ընդհակառակը, կը նշեն, որ պաշտպանութեան բանակը կը մնայ իր տեղը:
«Չնայած Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեան մէջ Պաշտպանութեան բանակի մասին որեւէ յիշատակում չկայ: Կարծում եմ` առնուազն միջնորդ երկրների կողմից, ովքեր ակտիւօրէն (աշխուժօրէն) զբաղւում են մեր հակամարտութեամբ, կայ ընկալում, որ առանց բանակի գոյութեան Արցախում անվտանգութեան ապահովման գործընթացը բաւականին դժուար է լինելու: Կարեւորն այն է, որ նմանատիպ ընկալում, կարծում եմ, գոյութիւն ունի առաջին հերթին Ռուսաստանի մօտ, որովհետեւ եթէ Ռուսաստանի մօտ այդպիսի ընկալում գոյութիւն չունենայ, Պաշտպանութեան բանակը պարզապէս գոյութիւն չի ունենալու», նշեց Տիգրան Գրիգորեան։
Տակաւին նախորդ ամսուան աւարտին` ամառնային զօրակոչի փուլին ընթացքին, Հայաստանի զինուած ուժերէն յայտնեցին, որ 30 Օգոստոսէն սկսեալ, Արցախի մէջ այլեւս Հայաստանէն ժամկէտային զինուորական ծառայողներ պիտի չըլլան:
Կը նշուի, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի բոլորը թափուր պաշտօնները կը համալրուին եւ ծառայութիւնը կը կազմակերպուի պայմանագրային զինուորներուն միջոցով: